Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան`. Պարգեւատրում Հայ Մամուլի Մշակներէն Շահանդուխտի Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի

October 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու ներկայութեամբ լիբանանահայ մամուլի մշակներու, մտաւորականներու, մշակութային թէ միութենական ներկայացուցիչներու եւ գրասէր ազգայիններու, երէկ` հինգշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դեսպանատան մէջ կայացաւ հայ մամուլի վաստակաշատ մշակներէն Շահանդուխտի (Սանդուխտ Պերթիզլեան) եւ դոկտ. Նորա Արիսեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Այս առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները` նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը բարձր կը գնահատէ հայրենակիցներու արժանիքներն ու աւանդը հայապահպանման առաքելութեան մէջ: «Մովսէս Խորենացի շքանշանը կը շնորհուի հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան, կրթութեան եւ մարդկային գիտութիւններու մարզերուն մէջ ստեղծագործական ակնառու նուաճումներու համար», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ պետական նման պարգեւատրումով վարձատրուողներու շարքը կ՛ընդգրկէ նշեալ մարզերուն մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող մեր հայրենակիցները:

«Օրէ օր նոր որակ ձեռք կը բերէ  Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը: Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հնգամեայ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներ կը սկսին: Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զօրացման ուղղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու զգալի մասը», շարունակեց դեսպան Քոչարեան եւ աւելցուց. «Հայ ինքնութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ մեծ է ձեր` հայ  գրողներու եւ լրատուամիջոցներու դերը: Հայ գրողներն ու լրատուամիջոցները բոլոր ժամանակներուն ընթացքին  եղած են հասարակական կեանքին վրայ աշխուժ ներգործութիւն ունեցող հայրենանուէր, հայ մշակոյթի պաշտպանման համար պայքարող առաջամարտիկներ»:

Ան նշեց, որ պարգեւատրեալները իրենց ստեղծագործութիւններով աշխարհին կը ծանօթացնեն հայ մարդը, անոր հոգեբանութիւնը, արժէքներու համակարգը, ազգային հիմնախնդիրները, անոր ցաւը, պայքարը եւ անշուշտ` յաղթանակները: «Միասնական ըլլանք համազգային հիմնահարցերու բարձրաձայնումի հարցին մէջ», շեշտեց դեսպան Քոչարեան` իր համոզումը յայտնելով, որ օր ըստ օրէ ամրապնդուող հայոց պետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի միասնական կամքով եւ ներուժով  կը յաղթահարուին բոլոր մարտահրաւէրները:

Դեսպան Քոչարեան այս առիթով իր ջերմ շնորհաւորանքները փոխանցեց նաեւ մամուլի վաստակաշատ երկու այլ մշակներու` Ժիրայր Դանիէլեանին եւ Համբիկ Մարտիրոսեանին, որոնք նոյնպէս արժանացած են «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, զոր պիտի ստանան Երեւանի մէջ` յատուկ հանդիսութեամբ:

Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան

Օրուան հանդիսավար Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները` շնորհաւորեց երկու պարգեւատրեալները` ներկայացնելով իւրաքանչիւրին կենսագրական գիծերը: Ապա դեսպան Քոչարեան ընթերցելէ ետք յատուկ այս առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրապարակած հրամանագիրը, անջատաբար յանձնեց շքանշանները:

Պարգեւատրեալ Շահանդուխտ  շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ու ղեկավարութեան` այս նախաձեռնութեան համար, որ «աւելի հանդիսութեան վերածուած էր, քան սոսկ պարգեւատրումի արարողութիւն»: Խոստանալով շարունակել մամուլի իր առաքելութիւնը` Շահանդուխտ իր շքանշանը նուիրեց հայ մամուլի մշակներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Ազդակ» թերթի տնօրէնութեան  եւ դեսպանատան հիւպատոս` Կարէն Մաթեւոսեանին:

Իր կարգին, պարգեւատրեալ դոկտ. Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, նմանապէս խոստացաւ շարունակել իր սկսած «գործ»-ն ու պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յատուկ իր աշխատութիւնը եւ իր շքանշանը նուիրեց  սուրիահայ 50 նահատակներուն, որոնք ցարդ զոհ գացած են Սուրիոյ ցաւալի դէպքերուն: Շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան քոքթէյլի յատուկ հիւրասիրութեան:

Նախորդը

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. Կլոր Սեղան` «Լիբանանահայ Դպրոցը Եւ Իր Մարտահրաւէրը. Միասնաբար Մտածենք Լուծումներու Մասին» Նիւթով

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Մոսկուայէն Պահանջած Է Կազմաքանդել Վրաստանի Սահմանին Մօտ Կառուցուող Պատնէշները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.