Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապահովութեան Խորհուրդը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հարցով Պէտք Է Գործի Լծուի» Կ՛ըսէ Քերրի

September 21, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քերրի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ պէտք է սուրիական քիմիական զէնքերէն ձերբազատելու վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը գործադրել, եւ «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ շաբաթ այս հարցով պէտք է գործի լծուի, երբ անոր անդամները Նիւ Եորքի մէջ ժողով գումարեն»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ շաբաթ պէտք է գործի լծուի: Կարեւոր է, որ միջազգային ընտանիքը ոտքի կանգնի եւ աշխարհը սուրիական քիմիական զէնքերէն փրկելու համար պարտադիր գործ կատարելու կարեւորութեան մասին կարելի եղածին չափ ուժեղ բառամթերքով արտայայտուի»:

Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները յառաջիկայ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն առաջ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային վերահսկողութեան տակ դնելու ծրագիրը:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները դիւրացնելու:

Ան ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնեց, որ պետութիւնները ահաբեկչութեան, ծայրայեղականութեան, ելեկտրոնային ոճիրներու եւ այլ մարտահրաւէրներու դէմ փոխան ուժի օգտագործման պէտք է ձգտին այնպիսի կեցուածքներու, որոնց մէջ պարտուող կողմ մը չըլլայ:

Ան գրեց, որ պէտք է Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն արտօնել, որ իրենք իրենց ճակատագիրը որոշեն` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է Սուրիոյ օգնութեան ձեռք երկարելու` յայտարարելով միաժամանակ, որ իր կառավարութիւնը պատրաստ է «սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան դիւրացման» օժանդակելու:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն երէկ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ անհատական նախաձեռնութեամբ հաւանաբար մասնակցին Սուրիոյ քիմիական զէնքերու վնասազերծման աշխատանքին, սակայն ոչ ՕԹԱՆ-ը:

Միւս կողմէ Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան վարմունքը «անյարիր է այն սկզբունքներուն, որոնց համար ընթացք առաւ յեղափոխութիւնը»` դատապարտելով այդ կազմակերպութեան կողմէ «սուրիական յեղափոխական ուժերու դէմ յարձակումն ու սուրիացիներու կեանքերու անտեսումը»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդ կազմակերպութիւնը «արտաքին օրակարգերու առնչուած է» եւ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ նոր պետութեան մը ստեղծման` այդպիսով ազգային գերիշխանութիւնը բռնաբարելով: Ազգային համաձայնական մարմինը նաեւ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը ամբաստանեց անցնող ամիսներուն ընթացքին քաղաքացիներու, բժիշկներու, լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու ազատութիւնները ոտնահարելու, քաղաքայիններու դէմ բռնութիւն կիրարկելու եւ Սուրիական ազատ բանակի ջոկատներուն դէմ կռիւի ձեռնարկելու յանցանքներով:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այդ կազմակերպութեան զինեալները տարբեր ճակատներու վրայ դադրած են Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ կռուելէ: Համաձայնական մարմինը կը նշէ, որ սուրիացի ազատ ժողովուրդը հաւասարակշռութեան, չափաւորականութեան, կրօնի եւ քաղաքականութեան բազմազանութեան կը  յարի եւ կը մերժէ կոյր հաւատադրժողութիւնը:

Մինչ այդ, «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ Լիուա Թաուհիտ զինեալ խմբաւորումը յայտարարած է, թէ Սուրիական ազատ բանակին ու Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան միջեւ երկօրեայ բախումներէ ետք, Ազեզի մէջ զինադադար հաստատուած է:

Նախորդը

Ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ի. Փութին 4-րդ Անգամ Նախագահ Ընտրուիլը Չէ Բացառած

Յաջորդը

Ազեզի Մէջ Առեւանգեալներու Հարցը Վերստին Սեղանի Վրայ. «Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին Մօտ Դատական Հայց Յարուցուած Է Թրքական Պետութեան Դէմ» Բացայայտեց Շէյխ Ապպաս Զղէյպ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.