ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, բաղկացած` ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի:
Այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Ժոմպլաթին` անոր մօր մահուան առիթով:


