
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որ յուշանուէր մը յանձնեց զօր. Քահուաժիի` բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին` համալսարաններուն մօտակայքը որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն համար:


