Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լինքեւիչուս. «Մաքսային Միութիւնն Ու Եւրոպական Միութեան Ազատ Առեւտուրի Գօտին Անհամատեղելի Են»

September 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 սեպտեմբերին Վիլնիուս աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան նախագահող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուսի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն, նախարարները անդրադարձան Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշումին եւ այդ շրջագիծին մէջ հանգամանալից կերպով քննարկեցին Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը:

«Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու տարբեր ուղղութիւններով Եւրոպական Միութեան հետ ըստ կարելւոյն սերտ համագործակցութիւնը` որքանով որ Եւրոպական Միութեան համար ատիկա ընդունելի կ՛ըլլայ եւ չի հակասեր Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան: Նախարարները համակարծիք էին, որ անհրաժեշտ է յառաջ մղել Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները` հիմնուելով վերջին տարիներուն միասնաբար արձանագրուած արդիւնքներուն վրայ», նշուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Նալբանդեան – Լինքեւիչուս հանդիպման մասին տեղեկատուութիւն տարածեց նաեւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը: Համաձայն լիթուանական կողմի հաղորդագրութեան, Նալբանդեան վստահեցուց Լինքեւիչուսին, որ Հայաստան կը ցանկայ աշխուժօրէն մասնակցիլ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին:

Իր կարգին Լինքեւիչուս շեշտեց, որ խորհրդակցութիւնները շարունակելու եւ ստեղծուած իրավիճակը գնահատելու անհրաժեշտութիւն կայ: Այսուհանդերձ, Լինքեւիչուս անհամատեղելի նկատեց Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիին միանալը:

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի կամքը, բայց մենք պէտք է ընդգծենք, որ Մաքսային միութեան, միանալու որոշումը կը նուազեցնէ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան եւ համարկումի յաւակնութիւնները», ըսաւ Լինքեւիչուս:

Պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ պէտք է առջեւ նայիլ եւ չվարանիլ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակցելու հինգ տարիներու, ինչպէս նաեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի ձեռք բերած նուաճումները: Լինքեւիչուս ըսաւ, որ նախարար Նալբանդեանի այցելութիւնը ցոյց տուաւ, որ Հայաստան կը ցանկայ համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ եւ մասնակցիլ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը «Կը Դժուարանայ Պատկերացնել» Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հայաստանի Հետ

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Անցեալ Շաբաթ Մօտ 200 Անգամ Խզեցին Զինադադարի Դրութիւնը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.