Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ ողջունեց Լիբանանի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրը, որ կը միտի դէմ դնել երկրին դէմ նիւթուող ահաբեկչական ծրագիրներուն եւ արգիլել պայթումները:
Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող օտար դիւանագէտներուն պաշտպանութիւնը ապահովուած է, եւ որդեգրուած են ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Շարպել հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ գործող կարգ մը դեսպանատուներ սպառնալիքներ ստացած են:
Շարպել նաեւ հաստատեց, որ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական հաւանական գործողութիւններուն առումով Լիբանանի վրայ վախ չկայ:
Միւս կողմէ, Շարպել կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ կասկածելի որեւէ երեւոյթի պարագային տեղեակ պահելու ապահովութեան ուժերը, որպէսզի անոնք կատարեն իրենց առաքելութիւնը:


