Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութինի Պաքու Այցելութեան Աշխարհաքաղաքական Պատճառները

August 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին եւ Ալիեւ

Իրանեան ԻՐԱՍ-ը անդրադարձած է 13 օգոստոսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ազրպէյճան այցելութեան:

ԻՐԱՍ կը գրէ, որ հակառակ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան այն յայտարարութիւններուն, թէ Պաքու Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հանդէպ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը վարէ, վերջին տարիներուն, ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման խորապատկերին վրայ, Ազրպէյճան աւելի հակուած է Ուաշինկթընի կողմը:

Ըստ ԻՐԱՍ-ի, Ազրպէյճանի Կապալայի ռատարի կայանի վարձակալութեան ժամկէտի երկարաձգումը մերժելը էապէս սառեցուց երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները:

Հակառակ ատոր` անոնց միացեալ  առեւտրական շրջանառութիւնը 2012-ին կազմած է 4 միլիառ տոլար, իսկ միայն վերջին 6 ամիսներու ընթացքին աճած է 50 առ հարիւրով:

Արդէն շատոնց շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ Ռուսիա կրնայ միջամտել Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն` իր սեփական թեկնածուն առաջադրելու միջոցով. այդ թեկնածուն է Ռուսիա բնակող գրող եւ բեմադրիչ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ռուսթամ Իպրահիմպեկովը: Պաքուի իշխանութիւնները կը կանխեն անոր Ազրպէյճան հասնիլը, որուն պատճառով ալ Ռուսիոյ կողմէ ճնշումի կ՛ենթարկուին:

Ռուսիոյ կողմէ դժգոհութեան կ՛արժանանայ նաեւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն վերաբերմունքը մէկ այլ թեկնածուի` «Քաղաքացիական նախաձեռնութիւն» շարժումի ղեկավար Իլկար Մամետովի հանդէպ, որ կը գտնուի բանտին մէջ:

Սակայն Փութինի Պաքու այցելութիւնը` նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, կը վկայէ այն մասին, որ Ռուսիա օրինական կը նկատէ այս ընտրութիւնները եւ մտադիր չէ որեւէ կերպ միջամտել:

Հարաւային Կովկասի ռազմավարական գօտիին մէջ Ռուսիա արդէն զրկուած է Վրաստանի աջակցութենէն, իսկ Հայաստանի առաւելութիւնները շատ աւելի քիչ են, քան` հարեւան անկախ պետութիւններունը, եւ չկայ որեւէ երաշխիք, թէ Երեւանը միշտ պիտի ընդունի ռուսական գերակայութիւնը:

Ըստ իրանական աղբիւրին, Ազրպէյճան, որ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական տեսանկիւնէն կարելի է Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր պետութիւն համարել, շնորհիւ իր չափաւոր քաղաքականութեան, միաժամանակ սպառնալիքներ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծած է Ռուսիոյ համար:

Հակառակ անոր որ Մոսկուա յոյս ալ չունի Պաքուի դէպի արեւմտեան կառոյցներու մղումները խանգարելու, սակայն առնուազն կը փորձէ դանդաղեցնել անոնց կշռոյթները արեւելեան երկիրներուն մէջ, որոնց շրջանին մէջ Ազրպէյճան ընտրուած է իբրեւ Արեւմուտքի ուժերու ներկայութեան ամրապնդման գլխաւոր ռազմակայան, ներառեալ` Միջին Ասիոյ մէջ:

Հակառակ անոր որ Ռուսիա անդամ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, ուր կը գլխաւորէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը, այդ ծերացած եւ անարդիւնաւէտ կառոյցին մէջ անոր աշխատանքի 20 տարիները ցոյց տուած են, որ այդ երկիրը այդ հակամարտութեան լուծումը Արեւմուտքի հետ համագործակցութեան ձեւաչափին մէջ շատ չ՛ուզեր:

Իսկապէս, ԱՊՀ կազմի պետութիւններուն վրայ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը տակաւին բաւական մեծ է: Ան կառուցողական առաջարկներ կը կատարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման համար, եւ որոշ ազրպէյճանցիներ անգամ կը կարծեն, որ այդ որոշումը ուղղակի կերպով կախեալ է Ռուսիայէն:

Բայց եւ այնպէս, Ազրպէյճանի մէջ ռուսական ազդեցութիւնը այնքան զգալի չէ, որ կովկասեան այս հանրապետութեան ղեկավարներուն ստիպէ հեռանալ արեւմտեան կառոյցներէն եւ աւելի մօտենալ հիւսիսային հարեւանին` ընդունելով Փութինի եւրասիական սկզբունքները:

«Հակառակ աւելի քան 20 տարի չլուծուած ղարաբաղեան հակամարտութեան` Ազրպէյճան կրցած է զարգացման սեփական նախագիծ ունենալ եւ լուրջ քայլեր կատարել կառուցուածքային բարեփոխումներուն մէջ` հասնելով կարեւոր տնտեսական ձեռքբերումներու», կը գրէ լրատուամիջոցը:

Նախորդը

Ո՞վ Պիտի Պահանջէ Կարմիր Բեմագրութեանց Հաշիւը…

Յաջորդը

Ասատի Դէմ Գործողութիւնը Սկսած Է

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։