Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Օգոստոս 1963)

August 20, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խրիմեան Վարժարանի Նորակառոյց Շէնքի
Բացման Հանդէսը Պուէնոս Այրէսի Մէջ 

(Սեփական թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Կիրակի, 11 օգոստոս, տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրեսի Խրիմեան վարժարանի նորակառոյց շէնքին բացման եւ համանուն երկրորդական վարժարանի հիմնարկութեան հանդէսը: Հակառակ յորդառատ անձրեւին` աւելի քան 1500 հոգի ներկայ եղան այս հանդիսութեան, որ իր ստեղծած խանդավառութեամբ եզակի երեւոյթ մը պիտի մնայ մեր գաղութի պատմութեան մէջ: Հանդէսը կը հովանաւորէր կաթողիկոսական պատուիրակ Բաբգէն եպս. Ապատեան. ներկայ էին նաեւ քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը, ինչպէս նաեւ` գաղութին բոլոր կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները: Կաթողիկոսական պատուիրակ սրբազան հօր նախագահութեամբ օրհնուեցան նորակառոյց շէնքին դասարանները եւ ապա տեղի ունեցաւ երկրորդական վարժարանին հիմնարկէքը:

Կրկնակ այս հանդիսութեանց նախագահելու հրաւիրուած էր Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան: Հիմնարկէքի այս արարողութիւններէն ետք, խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ հանգանակութիւն: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առին կաթողիկոսական պատուիրակ սրբազանը, հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւը, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի, Բարեգործականի եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Հաւաքոյթին ընթացքին կատարուած հանգանակութենէն գոյացաւ մօտ 3 միլիոն փեսօ, որ աննախընթաց արդիւնք մը կը նկատուի: Հանգանակութիւնը կը շարունակուի:

Ազգային Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերկամալիի եւ Ս. Վրացեանի խօսքերով փակուեցան այս հանդիսութիւնները, որոնք վեց ժամ տեւեցին` ստեղծելով աննախընթաց ոգեւորութիւն գաղութին մէջ: Արժանթինեան կառավարութիւնը տրամադրած էր պետական նուագախումբը եւ հեռատեսիլը: Ս. Վրացեան իր փակման խօսքին մէջ մաղթեց, որ Խրիմեան երկրորդական վարժարանը դառնայ Ն. Փալանճեան նոր ճեմարան մը` Հարաւային Ամերիկայի գաղութին համար:

Յայտնենք, որ Ս. Վրացեան այս շաբթուան ընթացքին ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահութեան դիւանապետին կողմէ, որ յայտնած է, թէ ան արժանթինեան պետութեան հիւրն է, միաժամանակ մեծ գովեստով խօսած է հայ գաղութին մասին: Ս. Վրացեան քանի մը օրէն պիտի ընդունուի Արժանթինի հանրապետութեան նախագահին կողմէ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

12 օգոստոս 1963

 

Աւանդավէպ

Աղաւնիին Բոյնը

Բոլոր թռչուններուն բոյնը բոյնի կը նմանի, իսկ աղաւնիին բոյնը` մաղի, իր հաւկիթները միշտ վար կ՛իյնան եւ կը կոտրին:

Գիտէ՞ք` ինչո՛ւ այդպէս կ՛ըլլայ: Լա՛ւ, մտիկ ըրէք, որ ըսեմ…:

Շատ առաջները աղաւնին բոյն չէր շիներ: Երբ գարունը հասնէր, աղաւնին գետին կը նստէր եւ ձու կ՛ածէր: Օր մը աղուէսը մօտեցաւ անոր եւ բոլոր ձուերը կերաւ: Աղաւնին շատ յուզուեցաւ եւ վշտահար սկսաւ ըսել.

– Աղուէսը ձուերս գողցաւ, ձուերս գողցաւ…

Շատ յուզուեցաւ, մտածեց, մտածեց եւ վերջապէս որոշեց ճիւղեր հաւաքել եւ բոյն մը հիւսել:

Շիւղեր հաւաքեց, բայց ինչպէ՜ս պիտի հիւսէ, չէր գիտեր: Անտառի բոլոր թռչունները կանչեց, որպէսզի իրեն բոյն հիւսել սորվեցնեն:

Թռչունները հաւաքուեցան եւ սկսան աղաւնիին համար բոյն հիւսել: Հազիւ թէ մէկ շիւղ մը հիւսեցին, աղաւնին գոռաց.

– Գիտե՜մ, գիտե՜մ, ես ալ կրնամ ընել:

Քանի որ ինք կարող է, ինչո՞ւ ուրիշները չարչարուին:

Թռչունները ձգեցին եւ գացին:

Աղաւնին ծառին գագաթը պտոյտ կ՛ընէր, ճիւղ մը այսպէս կը դնէր: Ճիւղ մը այնպէս, բայց բոլորն ալ կը թափէին, ոչ մէկ կերպով բոյնը հիւսել կարողացաւ:

Ի՞նչ ընէ, դարձեալ թռչունները կանչեց: Թռչունները թռան եկան եւ գործի լծուեցան: Բայց դեռ հազիւ բոյնին կէսը հիւսած էին, երբ աղաւնին գոռաց.

– Ես ալ գիտե՜մ, ես ալ կրնամ հիւսե՜լ:

– Լա՛ւ, քանի որ դուն ալ գիտես, դուն հիւսէ քու բոյնդ:

Թռչունները դարձեալ թռան գացին: Աղաւնին գործի սկսաւ, բայց դարձեալ չյաջողեցաւ:

Երրորդ անգամ դարձեալ թռչունները կանչեց, բայց անոնք մերժեցին, գիտունին բան սորվեցնել չուզեցին:

Այդպիսով աղաւնիին բոյնը կիսատ մնաց մաղի պէս:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Մինչ Օրս Հայաստանը Ֆիզիքական Ոչնչացման Վտանգ Ունի» Ասում Է Լիթուայում Բնակուող Բեմադրիչ Մարատ Սարգսեանը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.