
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ «Դիմադրութեան առանցքին համար ռազմավարական մեծ ճակատամարտեր մղելու հասարակաց կամք գոյութիւն ունի»:
Ան շեշտեց, որ «մենք վստահ ենք, որ Իրանի նման հաստատ եւ ռազմավարական դիմադրող դաշնակիցներու ներկայութեամբ պիտի յաղթենք»:
Այաթոլլա Խամենէիի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայաթի յայտնեց, որ «Սուրիան պաշտպանելը դիմադրութեան առանցքը պաշտպանել կը նշանակէ»:
Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քայիտայի հետ կապ ունեցող Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ 450 քիւրտ պատանդներ սպաննած են:
Ըստ իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին, սպաննուածներէն 120-ը երեխաներ են, իսկ մնացեալը` ծեր մարդիկ ու կիներ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Սուրիոյ մէջ մեծ թիւով մարդիկ գերեվարուած են: Կը հաղորդուէր, որ գերիները քիւրտ զինեալներու ընտանիքներու անդամներ են:


