Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԸ Կ՛ԸՆԴԼԱՅՆԻ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱԼԵՀ ՄԱՀԱՓՈՐՁԷ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ

June 4, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ

Թայիզի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ բախումներ տեղի ունեցան զինեալներու եւ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ Հանրապետական պահակագունդէն ուժերու միջեւ:

Մինչ այդ, մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Սալեհի հաւատարիմ Հանրապետական պահակագունդը ռմբակոծեց Հաշետ ցեղախումբերու ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմարի բնակարանը: Սանաայի Փոփոխութեան հրապարակին վրայ շէնքերու տանիքներուն վրայ դիրքեր բռնած արձակազէններ կրակ բանալով ցուցարարներ վիրաւորեցին: Շէյխ Ահմարի ուժերը հրապարակին մօտակայ շրջանները խուզարկելով վտարեցին արձակազէնները:

Ռմբակոծման ծիրը ընդլայնելով` հրետանիէ արձակուած ռումբեր հարուածեցին նաեւ Փոփոխութեան հրապարակէն արեւմուտք գտնուող Ռապաթ եւ Մազպահ թաղամասերը: Շէյխ Ահմարի տան առջեւ գտնուող եմէնեան օդանաւային ընկերութեան կեդրոնատեղին հրկիզուեցաւ: Երկու կողմերը շէնքին հրկիզման համար զիրար ամբաստանեցին: Շէյխ Ահմարի տան ռմբակոծման իբրեւ պատասխան, երկու ռումբեր հարուածեցին նաեւ Սանաայի մէջ նախագահական նստավայրին մզկիթը, ուր, ըստ «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին, նամազ կատարող պաշտօնատարներու շարքին վիրաւորներ արձանագրուած են եւ նախագահ Սալեհի թիկնապահներէն չորսը սպաննուած են: Վիրաւորներուն շարքին էին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ, Եմէնի վարչապետը, փոխվարչապետն ու խորհրդարանի նախագահը: Իրարու դէմ ճակատող երկու կողմերը զիրար ամբաստանեցին մահափորձ կատարելու համար: Եմէնի ընդդիմութիւնը Սալեհին շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց:

Եմէնի նախագահը հետագային մամլոյ ասուլիս մը տուաւ հերքելու համար այն լուրերը, թէ սպաննուած է:

Երէկ Շէյխ Ահմարի եւ Հանրապետական պահակագունդի ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան բուռն կերպով: Ականատեսներ յայտնեցին, որ պահակագունդի ուժերը հրասայլերու օժանդակութեամբ սկսած են շէյխ Ահմարի տան մօտենալ:

 

 

Նախորդը

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՀԱՅՑ ՅԱՐՈՒՑԵԼՈՒ ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԷՏԸ Կ՛ԵՐԿԱՐԱՁԳԷ ՄԻՆՉԵՒ 2016 ԹՈՒԱԿԱՆ

Յաջորդը

«ԴԱՄԱՍԿՈՍԸ ՄԻՆԱԿ ՉԵՆՔ ՁԳԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.