Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՀԱՅՑ ՅԱՐՈՒՑԵԼՈՒ ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԷՏԸ Կ՛ԵՐԿԱՐԱՁԳԷ ՄԻՆՉԵՒ 2016 ԹՈՒԱԿԱՆ

June 4, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասնմէկ տարի առաջ, Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը երկարաձգեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն նպաստները չվճարած ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մինչեւ 2010 թուականի վերջաւորութիւնը:

Մինչեւ 2000 թուական, այդ ժառանգները չէին կրնար դատի տալ ապահովագրական ընկերութիւնները, քանի որ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը վաղուց անցած էր: Քալիֆորնիոյ օրէնսդրութեան համաձայն, նման հայց ներկայացնելու ժամկէտը կը սահմանուի 4 տարիով:

Նախորդ տասնամեակին, երբ հայցի վաղեմութեան ժամկէտը երկարաձգուեցաւ, ամերիկահայերը յաջողեցան Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն մէջ «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ ֆրանսական «ԱՔՍԱ» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնել:

Գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն եւ դրամատուներուն դէմ սկսած լրացուցիչ դատական հոլովոյթները տակաւին ընթացքի մէջ են: Դատական հայցին կողմ չհանդիսացող թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, գերմանական այդ ընկերութիւնները օրէնսդիր մարմինի սոյն որոշումը ձախողութեամբ վիճարկեցին դատարանին մօտ` պնդելով, որ Քալիֆորնիոյ օրինագիծին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վկայակոչումը ոտնձգութիւն է դաշնակցային կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ:

31 դեկտեմբեր 2010-ի վերջնաժամկէտը աւարտելէ ետք, ամերիկահայ համայնքը դիմեց Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին, հայցի վաղեմութեան ժամկէտը անգամ մը եւս  երկարաձգելու խնդրանքով, երբ պարզուեցաւ, որ ապահովագրական այլ ընկերութիւններ եւս չեն վճարած Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի իրենց յաճախորդներուն իրաւունքը հանդիսացող գումարները:

Թուրքիոյ կառավարութեան եւ ապահովագրական ընկերութիւններուն կողմէ դատական հետագայ վիճարկումներէ խուսափելու նպատակով, ոմանք պնդեցին, որ թերեւս անհրաժեշտ չըլլայ Քալիֆորնիոյ նոր օրինագիծին մէջ վկայակոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ ընկերութիւնները պայմանագրային պարտաւորութիւն ունին` վճարել շահառուներուն, անկախ մահուան պատճառէն: Այնուամենայնիւ, օրէնսդիրը որոշեց տեղի չտալ թրքական ճնշումներուն եւ պահպանել Հայոց ցեղասպանութեան վկայակոչումը, մանաւանդ որ Ցեղասպանութեան զոհերուն կողմէ հայց յարուցելու ժամկէտի երկարաձգման հիմնաւորումը այն էր, որ վերջիններս ժամանակին հայց ներկայացնելու համար, բնականաբար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր` մահուան վկայագիրներ եւ ապահովագրութիւններ չեն ունեցած:

Ուշագրաւ է այն, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը ապահովագրութեան մասին օրինագիծին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը սահմանէ հետեւեալ կերպով. «Օրէնսդիրը կ՛ընդունի, որ 1915-1923 թուականներուն, հայերու նախնիներէն շատերը, որոնք կը բնակէին այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի տարածքին, ենթարկուած են ջարդի, խոշտանգումներու, սովամահութեան, մահուան երթերու եւ աքսորի: Այս ժամանակաշրջանը յայտնի է իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն»:

14 ապրիլ 2011-ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը ընդունեց նոր օրինագիծը (AB173)` երկարաձգելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2016: Հակառակ Քալիֆորնիոյ ինքնակոչ Խաղաղութեան եւ արդարադատութեան թրքական յանձնախումբի առարկութիւններուն, օրինագիծը հաստատուեցաւ 10-0 ձայներով, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի իրաւաբանական կոմիտէին կողմէ, եւ 61-0 ձայներով` նահանգային լիակազմ խորհրդարանին կողմէ: «AB 173»ը, որ պաշտօնապէս կը սատարուի Քալիֆորնիոյ սպառողներու փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ նահանգային ու դաշնակցային, շրջանային ու քաղաքային աշխատողներու կողմէ, ներկայացուած էր նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ` 20 յունուար 2011-ին: Խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աչաճեան օրինագիծին գլխաւոր համահեղինակն էր:

Խորհրդարանի իրաւական հարցերու խորհրդատուն օրինագիծի հետեւեալ ամփոփ նկարագրութիւնը տուաւ. «Գործող օրէնքը թոյլ կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան ոեւէ զոհի` ինչպէս սահմանուած է` կա՛մ ժառանգին, կա՛մ շահառուին, որ կը բնակի այս նահանգին մէջ եւ ունի պահանջ, որ կը բխի 1875-1923 թուականներուն ապահովագրողին կողմէ Եւրոպայի կամ Ասիոյ մէջ գործող կամ գնուած ապահովագրութենէ կամ ապահովագրութիւններէ, դիմել այս նահանգի դատարանը` իր պահանջը վերականգնելու համար: Գործող օրէնքը նաեւ կը նախատեսէ, թէ որեւէ դատական հայց, որ տակաւին ընթացքի մէջ է, ներառեալ` այն հայցերը, որոնք ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհի կամ անոր ժառանգի թէ շահառուի կողմէ` Քալիֆորնիոյ բնակիչ թէ ոչ, որ կը ցանկայ ստանալ 1875-1923-ի ընթացքին տրուած կամ գործող ապահովագրութիւններով նախատեսուած նպաստները, պէտք չէ անբաւարար մնան` հայցի վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու պատճառով, պայմանաւ, որ հայցը յարուցուած ըլլայ մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2010: Օրինագիծով հայց յարուցելու վերջնաժամկէտը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2016: Այս օրինագիծով կը յայտարարուի, որ անիկա պէտք է անմիջապէս ուժի մէջ մտնէ` իբրեւ հրատապ կանոնադրութիւն»:

Նահանգի խորհրդարանին կողմէ ապրիլին հաստատուելէ ետք, օրինագիծը ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի իրաւաբանական յանձնախումբին` 12 մայիս 2011-ին: Ապա, անիկա պիտի ուղարկուի լիակազմ ծերակոյտին եւ պիտի ներկայացուի նահանգապետ Պրաունի ստորագրութեան: Այս օրինագիծով, փոփոխութիւններ պիտի կատարուին Քալիֆորնիոյ Քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքի «354.4» բաժինին մէջ, որ ստորագրուած եւ ուժի մէջ մտած էր 18 սեպտեմբեր 2000-ին: Նոր օրինագիծով պիտի երկարաձգուի ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը 2010-էն մինչեւ 2016-ի վերջաւորութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն մէկ տարի անց` հնարաւորութիւն տալով աւելի շատ թիւով հայցեր ներկայացնելու իրաւախախտ ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

«ԱԶԻՐԵԱՆ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՌՈՍՏՈՄ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Յաջորդը

ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԸ Կ՛ԸՆԴԼԱՅՆԻ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱԼԵՀ ՄԱՀԱՓՈՐՁԷ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.