Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Համարկումը Շատ Աւելի Դժուար Ճամբայ Է Հայաստանի Համար» Կ՛ըսէ Ճէյմս Նիքսի

August 5, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Նիքսի

Լոնտոնի մէջ հեղինակաւոր փորձագիտական կեդրոններէն մէկուն` «Չաթըմ հաուս»-ի Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ բաժանմունքի ղեկավար Ճէյմս Նիքսի «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան կախուածութեան մէջ է, սակայն ներկայիս ցանկութիւն կայ այդ իրավիճակը փոխելու:

Նիքսի միաժամանակ ընդգծեց, որ եւրոպական համարկումը շատ աւելի դժուար ճամբայ է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար եւ շատ աւելի մեծ քաղաքական կամք կը պահանջէ, քան աւանդական ռուսական կողմնորոշումը:

«Հայաստան կախեալ է Ռուսիայէն շարք մը ձեւերով` ներկայիս նախագահէն առաջ պաշտօնավարած ղեկավարը` Ռոպերթ Քոչարեան արդիւնաւէտ ձեւով Ռուսիոյ ծախեց շարք մը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ: Եւ թէեւ ես չեմ կրնար մատնանշել որեւէ առանձին մարզ, ուր Քրեմլինը փոխած է Հայաստանի քաղաքական դիրքորոշումը` օգտագործելով իր ունեցած լծակները, բայց կրնամ ըսել, որ Ռուսիա ունի այդ ներուժը եւ կրնայ այդ քայլին դիմել, եթէ ուզէ», կ՛ըսէ միջազգային անկախ փորձագիտական կեդրոնի վերլուծաբանը:

Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով զբաղող Նիքսի կը մատնանշէ, որ այժմ Հայաստանի իշխանութիւնները կանգնած են երկընտրանքի առջեւ եւ պէտք է ընտրութիւն կատարեն Քրեմլինի առաջարկած Եւրասիական Միութեան կամ Եւրոպական միութեան Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ազատ առեւտուրի գօտիին միջեւ: Ըստ փորձագէտին, անոնք փոխադարձաբար զիրար կը հակասեն եւ անկարելի է միաժամանակ երկուքը ունենալ: Ան աւելցուց, որ անհամատեղելի թեքնիք դրոյթներէն բացի` այս երկու համաձայնագիրները նաեւ կը տարբերին բովանդակութեամբ եւ Հայաստանին առաջադրուող պահանջներով:

«Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան համաձայնագիրը եւ Ազատ ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտին կը պահանջեն կարեւոր քաղաքական ու տնտեսական բարեփոխումներ, մինչդեռ Եւրասիական մաքսային միութիւնը այդ կարգի որեւէ պայման չի դներ եւ որեւէ ձեւով կապուած չէ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման կամ բարեփոխումներուն հետ: Այս առումով, Հայաստանի իշխանութիւններուն համար եւրասիական ուղղութիւնը շատ աւելի դիւրին է. այդ պարագային պաշտօնական Երեւանը կը ստանայ կարճաժամկէտ տնտեսական օգուտներ, կը նուազեցնէ ռուսական կողմի ճնշումները, մինչդեռ եւրոպական ճամբան շատ աւելի մեծ քաղաքական կամք ու յանձնառութիւն կը պահանջէ Հայաստանի կառավարութենէն», կ՛ընդգծէ Ճէյմս Նիքսի:

Ըստ միջազգային փորձագէտին, առայժմ յստակ չէ, թէ պաշտօնական Երեւանը ո՛ր ճամբան պիտի բռնէ եւ շատ բան կախեալ է Քրեմլինի հաւանական արձագանգէն:

«Կը կարծեմ, որ ոչինչ տակաւին վերջնականապէս որոշուած է. այո՛, հայկական կողմը կը յայտարարէ, թէ պատրաստ է Վիլնիուսի մէջ ստորագրելու Եւրոպական Միութեան հետ փաստաթուղթերը, սակայն ռուսերը ճնշում կը գործադրեն, եւ յստակ է, թէ ի՛նչ ձեւերով տակաւին ատիկա կրնայ արտայայտուիլ: Մենք իսկապէս չենք գիտեր, թէ ի՛նչ աստիճանի տնտեսական ճնշում կրնայ բանեցնել ռուսական կողմը` ճնշումի միջոցներու, փտածութեան եւ Հայաստանի մէջ ունեցած ունեցուածքին օգնութեամբ», նշեց Ճէյմս Նիքսի:

 

Նախորդը

Քաղաքական Բարեկրթութեան Մասին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Լիբանան Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ Մարզախաղերու Ախոյեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.