Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Լիբանան Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ Մարզախաղերու Ախոյեան

August 5, 2013
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Շաբաթ, 3 օգոստոսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միկա» պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը: Խաղերը ընթացք առած էին շաբաթ մը առաջ` 27 յուլիսին, 17 երկիրներէ համախմբելով 650 մարզիկ¬մարզիկուհիներ: Մարզախաղերը ընդգրկեցին ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, աթլեթիզմ, լող, ճատրակ եւ առաջին անգամ ըլլալով` թենիս:

Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան եւ բաժակներու տուչութիւնը կատարեցին Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի պատասխանատուներ:

Մարզիկներու տողանցքէն ետք, մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնին անունով խօսք առաւ Սեւակ Կարապետեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի մարզական ֆետերասիոններուն եւ Ազգային ողիմպիական կոմիտէին, որոնք որեւէ օժանդակութիւն չզլացան խաղերու յաջողութեան համար:

Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղարը մարզախաղերը նկատեց Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման միջոց եւ մաղթեց, որ չորս տարի ետք ՀՄԸՄ-ական մարզիկները դարձեալ իրարու հանդիպին հայրենիքի մէջ:

ՀՄԸՄ Լիբանանի ներկայացուցիչը կը ստանայ ախոյեանութեան բաժակը
Ստեփան Տէր Պետրոսեան

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ մարզախաղերուն փակումով ոսկիէ էջ մը կը փակուի միութեան պատմութեան մէջ: «Ստեղծուած խանդավառութիւնը այժմ կը փոխադրուի շրջաններ, ուր մարզիկները վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յիշատակները, պատմելով իրարու եւ քաջալերելով իրենց խմբակիցները այժմէն պիտի պատրաստուին չորս տարի ետք տեղի ունենալիք համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն», դիտեց ան:

ՀՄԸՄ Լիբանանի մարզիկները
Սեւակ Կարապետեան

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան: Ան ողջունեց մարզախաղերուն յաջողութեան համար աշխատած ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական օժանդակ յանձնախումբը եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որոնք ջանք չխնայեցին մարզիկներուն հանգստութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ լաւագոյն մարզիկներու եւ ախոյեաններու անուններու յայտարարութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը:

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, իւրաքանչիւր մարզախաղի լաւագոյն մարզիկին շնորհուեցաւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականի անունով մրցանակ մը` յուշանուէրի ձեւով:

Արդիւնքները պարզեցին հետեւեալ պատկերը.

Ճատրակի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Նարեկ Նաճարեան («Վարուժան Մուրատեան մրցանակ»):
Աղջկանց թենիսի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Գահիրէէն Դալար Մազլումեան («Պարգեւ Պարսամեան մրցանակ»):
Տղոց թենիսի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Քանատայէն Վահագն Թոնաքանեան («Ճորճ Տաղլեան մրցանակ»):
Աղջկանց փինկ¬փոնկի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Դուին Մումջօղլեան («Կարօ Թիւթիւնճեան մրցանակ»):
Տղոց փինկ-փոնկի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Միսաք Պոյաճեան («Յարութիւն Գազանճեան մրցանակ»):
Աղջկանց լողի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Սուրիայէն Սէրլի Մուշեղեան («Սուրէն Մուրատեան մրցանակ»):
Տղոց լողի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Փիթըր Մանուշակեան («Վարդգէս Հայրապետեան մրցանակ»):
Աղջկանց աթլեթի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Լոռի Թաշճեան («Յովհաննէս Շահինեան մրցանակ»):
Տղոց աթլեթի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Լիբանանէն Սերժ Քուքճեան («Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան մրցանակ»):
Աղջկանց վոլիպոլի լաւագոյն մարզիկ  հռչակուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-էն Ժենիա Յովհաննէսեան («Գէորգ Կարապետեան մրցանակ»):
Ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Փարիզէն Խաժակ Սինանեան («Վարդան Բախշեան մրցանակ»):
Կրտսեր աղջկանց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Շարիս Ղազերի («Սուրէն Մուրատեան մրցանակ»):
Կրտսեր տղոց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Թէօ Դաւիթեան («Ժիրայր Պոյաճեան մրցանակ»):
Երէց աղջկանց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Կասիա Սարգիս («Երուանդ Տեմիրճեան մրցանակ»):
Երէց տղոց պասքեթպոլի լաւագոյն մարզիկ հռչակուեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Նարպէյ Իպրահիմեան («Տոքթ. Միսաք Արզումանեան մրցանակ»):
Համա¬ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու տիպար ՀՄԸՄ-ական հռչակուեցաւ Աւստրալիայէն Անդրանիկ Բանոյեան:

Մարզախաղերու ախոյեաններ հանդիսացան հետեւեալ շրջանները.

Ճատրակ – Լիբանան
Թենիս – Քանատա եւ Գահիրէ
Փինկ փոնկ – Լիբանան
Լող – Թեհրանի ՀՄԱԿ
Աթլեթ – Լիբանան
Վոլիպոլ – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երրորդ):
Ֆութպոլ – Փարիզ (առաջին), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/կրտսեր աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Լիբանան (երկրորդ), Քուէյթ (երրորդ):
Պասքեթպոլ/կրտսեր տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/երէց աղջիկներ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/երէց տղաք – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ (երրորդ):

Արդիւնքներու հրապարակումէն ետք յայտարարուեցաւ նաեւ մարզախաղերու ընթացքին լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած շրջանին անունը: ՀՄԸՄ Լիբանան հռչակուեցաւ համա¬ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու ախոյեան իր տիրացած 3 առաջնութեան (ճատրակ, փինկ-փոնկ, աթլեթ), 1 երկրորդութեան (կրտսեր աղջկանց պասքեթպոլ) եւ 3 երրորդութեան համար (ֆութպոլ, կրտսեր տղոց պասքեթպոլ եւ երէց աղջկանց պասքեթպոլ): Լիբանանի 95 հոգինոց մարզական պատուիրակութիւնը Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեանի ձեռամբ ստացաւ յատուկ բաժակ:

Յաղթանակի Ճաշկերոյթ–Պարահանդէսը

Գառնիկ Մկրտիչեան
Հրանդ Մարգարեան
Մանուէլ Մարսելեան կը պարգեւատրուի

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մարզախաղերու փակումէն ժամեր ետք, երեկոյեան, Աբովեանի մէջ տեղի ունեցաւ համա¬ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` ներկայութեամբ 1200 մարզիկ¬մարզիկուհիներու, պատասխանատուներու եւ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներու: Հիւրերու շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ՀՄԸՄ-ի բարերարներ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան երկարամեայ իրենց ներդրումը ունեցած եղբայրներ: Մանուէլ Մարսելեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն) պարգեւատրուեցաւ «Ոսկիէ շուշանածաղիկ» յուշամետալով, իսկ Մանուկ Մանուկեան եւ Աւետիս Պէրպէրեան պարգեւատրուեցան «Վարդան Բախշեան» յուշամետալով:

Ճաշկերոյթը խանդավառեցին հայրենի խումբ մը արուեստագէտներ եւ սուրիահայ երգիչ Յովսէփ Գասպարեան: Ճաշկերոյթին ընթացքին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ի նպաստ կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Այս առիթով ներկաներուն բաժնուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու գրքոյկը, ուր ողջոյնի խօսքեր կը փոխանցէին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւնը:

 

Նախորդը

«Եւրոպական Համարկումը Շատ Աւելի Դժուար Ճամբայ Է Հայաստանի Համար» Կ՛ըսէ Ճէյմս Նիքսի

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.