
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի նախարարութեան աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:


