Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպը Պաշարման Տակ Սովի Կը Մատնուի

July 24, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էտուըրտ Տարք «ալ-մոնիթըր» կայքէջին վրայ 15 յուլիսին տեղադրուած իր «Հալէպը պաշարման տակ սովի կը մատնուի» խորագիրով յօդուածին մէջ կը նկարագրէ Հալէպի մէջ վերջերս ստեղծուած դժուար կացութիւնը:

Ան կը գրէ, որ ամէնուրեք տխուր աչքեր ու յոգնած դէմքեր կ՛երեւին, ինչպէս նաեւ` լքուած փողոցներ ու դատարկուած խանութներ, մինչ քաղաքի 2 միլիոն բնակչութիւնը դանդաղօրէն «խեղդամահ» կ՛ըլլայ: Ճակատող երկու կողմերն ալ զիրար կ՛այպանեն, իսկ ճշմարտութիւնը այն է, որ անոնք երկուքն ալ հաւասարապէս այպանելի են:

Թարմ սննդեղէնի, կանաչեղէնի, կաթի, հացի եւ միսի տագնապ գոյութիւն ունի, իսկ անոնց գիները բնակչութեան մեծամասնութեան համար անհասանելի դարձած են: Պտուղները ներկայիս պերճանք են, յայտնի մակնիշ ունեցող ծխախոտները` միայն հարուստներուն հասանելի, մնացեալը կը ծխեն վատորակ ծխախոտներ, որոնք վատ հոտ մը ունին: Անձնական ինքնաշարժներ վարելը միայն վերնախաւին համար է, որովհետեւ ինքնաշարժին մէջ վառելանիւթը լիաբերան լեցնելը ներկայիս հասարակ աշխատաւորի մը աշխատավարձին կրկնապատիկն է: Հանրային փոխադրամիջոցները սակաւաթիւ են եւ` սովորական գինին կրկնապատիկը կամ եռապատիկը: Ան կասկած կը յայտնէ, որ հալէպցիներուն մէջ նոյնիսկ ամէնէն յոռետեսը կրնար երեւակայել, որ Հալէպը վերջին շաբաթներուն ընթացքին իր մատնուած կացութեան մէջ կրնայ յայտնուիլ:

Տարք կը գրէ, որ ներկայիս պաշարեալ արեւմտեան Հալէպի բնակիչներուն համար շրջանէն դուրս գալու միակ ճամբան վարչակարգին վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւմտեան Հալէպը եւ ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպը իրարու կապող Պուսթան ալ-քասր անցքն է, որ դիպուկ կերպով «մահուան անցք» կը կոչուի, որովհետեւ այդ վտանգաւոր ուղեւորութիւնը կատարողները արձակազէններու կամայական թիրախը կը դառնան: Արեւելեան Հալէպէն գնումներ կատարելէ ետք արեւմտեան Հալէպ վերադարձող քաղաքացիները ընդդիմադիր զինեալներու անցարգելներուն վրայ ծեծի եւ վատ վերաբերմունքի կ՛ենթարկուին, «Թող վարչակարգը ձեզ կերակրէ»-ի կամ «Գնա՛ նախ Հոմսի պաշարումը քակէ»-ի նման բացագանչութիւններ կը լսեն եւ իրենց գնած ապրանքները կրնան գրաւուիլ կամ գետին նետուիլ:

Ան կը նշէ, որ ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ եղող շրջաններու մէջ իսլամական դատարաններուն կողմէ հրապարակուած շարք մը հրամանագրեր, ինչպէս նաեւ անցքին վրայ գտնուող մեծ պաստառ մը կտրուկ կերպով կ՛արգիլեն ուտեստեղէնի, կաթի կամ դեղորայքի վարչակարգի շրջաններ փոխադրելը:

Տարք իր յօդուածը կը փակէ` ընդգծելով, որ ընդդիմադիրները, որոնք ենթադրաբար բոլոր սուրիացիներուն ազատութեան համար կը պայքարին, արեւմտեան Հալէպի բնակիչները վարչակարգի համակիրներ կը նկատեն, իսկ վարչակարգը իր ժողովուրդի ճակատագրով հետաքրքրուած չէ եւ պատրաստ է ահաբեկիչներն ու ընդդիմադիրները արմատախիլ ընելու իր արշաւին մէջ եւ կամ քարոզչական առաւելութիւն ձեռք ձգելու համար զոհելու ժողովուրդը:

Նախորդը

Սուրիոյ Հարցով Օպամայի Շփոթահար Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Նշմար. Ի՛նչ Տեսակի Կուրութիւն…

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։