Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1963)

July 20, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրապետական Կոնդակ

Խորէն ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի եւ անհասանելի կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ ազգիս եպիսկոպոսապետ եւ կաթողիկոս Ամենայն հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Լիբանանու տիրախնամ թեմին արժանաշնորհ քահանայից, պատկառելի Գաւառական եւ Քաղաքական ազգային ժողովոյ, պատուարժան թաղականութեանց Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցեաց, հոգաբարձութեանց ազգային վարժարանաց եւ համայն հաւատացեալ հարազատից մերոյ սիրոյ եւ հայրապետական ողջոյն ի մէնջ եւ օրհնութիւն յաջոյ սրբոյ Հօրն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին, շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծոյ եղիցին ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ, ամէն:

Մեր հայրապետական ներկայ կոնդակով մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Լիբանանի հայոց Ազգային գաւառական ժողովը, Մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուելէն յետոյ, իր 14 յունիս 1963-ի Եշ. օրուան նիստին մէջ, միաձայնութեամբ առաջնորդ ընտրած է Ս. Աթոռոյս հարազատ զաւակ եւ միաբան Գերաշնորհ տէր Տաճատ Ս. արքեպիսկոպոսը եւ պաշտօնագրով մը հաղորդած մեզի` ի վաւերացումն:

Նորին սրբազնութեան ընտրութիւնը մեր սահմանադրական կարդաց եւ կանոնաց համապատասխան գտնելով` մեր նախագահութեան ներքեւ գումարուած Ազգ. կեդրոնական վարչութիւնը հաստատած է զայն եւ մեր կողմէ ալ վաւերացուելէ յետոյ հաղորդուած Լիբանանի բարեխնամ կառավարութեան:

Նորընտիր տ. Տաճատ ս. արքեպիսկոպոս ծանօթ եկեղեցական դէմք մըն է Լիբանանի հայութեան համար: Տասնեւվեց երկար տարիներու փորձառութիւն ձեռք ձգած եւ արդիւնաւոր բեղուն գործունէութիւն ունեցած է ան հիւսիսային Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանին մէջ եւ որպէս անձնդիր հովիւ ու մշտարթուն պահակ Հայց. եկեղեցւոյ` ծառայած է բոլորանուէր զոհաբերութեամբ եւ խոհեմութեամբ ամենադժուարին պայմաններու մէջ եւ մեծապէս օգտակար հանդիսացած` Ճեզիրէի մերազն ժողովրդեան, եկեղեցական, կրթական, շինարարական, մշակութային եւ ազգային մարզերու մէջ:

Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոս, գնահատելով տ. Տաճատ ս. արքեպիսկոպոսի ժողովրդանուէր ծառայութիւններն ու արդիւնաշատ գործունէութիւնը Հայց. եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս, զայն բարձրացուցած է  եպիսկոպոսական աստիճանի եւ ապա անոր շնորհած` արքութեան պատիւ:

Վստահ ենք, որ նորին սրբազնութիւնը Լիբանանի հայոց առաջնորդութեան ընթացքին եւս նոյն եռանդով եւ իմաստութեամբ պիտի շարունակէ օգտակար հանդիսանալ իր խնամքին յանձնուած հօտին եւ առաւել եւս պիտի ծաղկեցնէ թեմին ազգային ու եկեղեցական կեանքը:

Ուստի, երբ կը վաւերացնենք սոյն բարեբաստիկ ընտրութիւնը եւ կը հաստատենք գերաշնորհ տ. Տաճատ ս. արքեպիսկոպոսին առաջնորդական պաշտօնը, հարկ կը համարենք մեր հաւատացեալ եւ հարազատ զաւակներուն ուղղել մեր սիրոյ եւ օրհնութեան ողջոյնները եւ սրտագին աղօթքները` բոլորին երջանկութեան ու բարօրութեան համար:

Մեր հայրական պատուէրն է ամէնուդ անխտիր, բոլորուիլ ձեր ժրաջան առաջնորդին շուրջ եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր` ձեր նիւթական ու բարոյական բոլոր ուժերովը, որպէսզի ան կարողանայ իրագործել իր եկեղեցանուէր բարի եւ օգտակար ծրագիրները:

Այս առթիւ կը յիշեցնենք ձեզի սրբազան առաքեալին խօսքը, որ կ՛ըսէ` «Ամենայն ինչ ձեր սիրով լիցի»: Հետեւաբար, արդիւնաւոր եւ օգտակար գործ կարենալ ընելու համար նախապայման է ունենալ սէր առ Աստուած եւ սէր առ մարդիկ. քրիստոնէական սուրբ սիրով շաղախուած ճիգերով եւ գիտակից գործունէութեան ոգիով միայն կարելի է մեծ եւ սքանչելի եւ փրկարար ծրագիրներ իրագործել` ի փառս Աստուծոյ եւ ի պարծանս Հայց. եկեղեցւոյ:

Կ՛աղօթենք ի բոլոր սրտէ առ Բարձրեալն Աստուած Լիբանանի բարգաւաճման, անոր եղբայրական ժողովուրդին երջանկութեան, ազգիս հայոց սիրոյ ու միութեան եւ Հայց. Ս. եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ անսասանութեան համար:

Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. Ամէն:

ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տուաւ Կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ յԱնթիլիաս,
յամի Տեառն 1963, ի 14 Յուլիսի
ընդ համարաւ Վ/Ա

————————————-

Յուլիս 20 Յիշատակելի Օր Լիբանանի Համար

Նախագահ Շեհապի Հանդէպ Համակրանքի Ու
Յարգանքի Ինքնաբուխ Արտայայտութիւններ
Ամէնուրեք

Երեք տարի անցած է այն օրէն, երբ հայրենասիրութեան, վեհութեան եւ անշահախնդրութեան սքանչելի ու պատկառազդու դաս մը եղան նախագահի հրաժարման եւ այդ հրաժարականը, ժողովուրդին միահամուռ թախանձանքին ընդառաջելով, ետ առնելու զոյգ քայլերը, որոնց միջեւ երկարող վեց ժամերը անդոհալի վրդովումի մը մատնած էին ամբողջ երկիրը, անոր բոլոր հատուածները եւ բոլոր հոսանքները անխտիր:

Լիբանան երէկ մեծ շուքով տօնեց այս բարեբաստիկ տարեդարձը: Օրերէ ի վեր յաղթանակի կամարներ կը շինուէին մայրաքաղաքի եւ այլ շրջաններու մէջ: Պաստառներ պարզուած էին փողոցներու լայնքին եւ նախագահ Շեհապի լուսազարդ նկարները կ՛երեւնային շէնքերու վրայ: Երէկ իրիկուն ուրախութեան հրավառութիւններ տեղի ունեցան Պէյրութի եւ լեռնային վայրերու մէջ, մասնաւորաբար` նախագահի նկարին շուրջ:

Այս առտու բազմաթիւ ցոյցեր տեղի պիտի ունենան այս օրը տօնելու համար:

Ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը նախատեսած են մասնաւոր յայտագիրներ: Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ պիտի խօսի ազգին: Երէկ իրիկուն Պէյրութի ձայնասփիւռի քաղաքական մեկնաբանութիւնը յատկացուած էր այս դէպքին:

Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը եւս երէկ ամբողջ օրը, մինչեւ ուշ գիշեր, ցնծութեան մէջ տօնեց այս տարեդարձը:

Գլխաւոր պողոտաներն ու թաղամասերը ամբողջութեամբ զարդարուած էին լիբանանեան դրօշակներով եւ նախագահին նկարներով:

Երեկոյեան տանիքները ջահազարդուած էին եւ արտակարգօրէն լուսավառուած էր ամբողջ շրջանը:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, նուագախումբի առաջնորդութեամբ, ջահագնացութիւն մը ըրին: Քաղաքապետարանին առաջ քաղաքապետ Յ. Աշճեան պատիւներու արժանացաւ ընդհանուր ծափերու մէջ: Լիբանանի ազգային քայլերգի ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պեթոնի Նման Տոկուն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.