
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան` «Աման»-ի ղեկավար զօր. Աւիւ Քոխաւի Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելէ` ամերիկացի ապահովական պաշտօնատարներուն հետ Սուրիոյ շուրջ շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Քոխաւիի հանդիպումներուն առանցքները պիտի ըլլան Իսրայէլի հիւսիսային ճակատին վրայ արձանագրուող զարգացումները, մասնաւորաբար Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ «Էս-300» հակաօդային հրթիռներու մատակարարման հարցը:
Քոխաւի նաեւ պիտի քննարկէ Իսրայէլի սահմանակից արաբական երկիրներու, մասնաւորաբար Եգիպտոսի մէջ արձանագրուող զարգացումները:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղած է անյապաղ միջամտելու Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կարգաւորման հոլովոյթին:
Ան ըսած է, որ Սուրիոյ կողմէ թրքական սահմանի պարբերական ռմբակոծումները ցոյց կու տան, որ այդ երկրին մէջ իրավիճակը վտանգաւոր է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար:
«Ատիկա ցոյց կու տայ, որ Սուրիոյ ճգնաժամը մեր քաղաքացիներուն վրայ որքա՛ն վատ կրնայ անդրադառնալ: Անգամ մը եւս միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեմ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է անյապաղ գործէ: Սուրիոյ մէջ արիւնալի իրադարձութիւնները դադրեցնելու ժամանակը արդէն անցած է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու ժամանակը եկած է, եւ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ատոր չհետեւի, ապա պիտի կորսնցնէ իր նշանակութիւնը:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնը` փորձագէտներու խմբակի ղեկավար Օքէ Սելսթրոմի եւ ընդհանուր քարտուղարի` զինաթափման հարցերով բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Անճելա Քէյնի գլխաւորութեամբ, յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Դամասկոս:


