Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԿԱՆ «ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»` 7 ՏՈԿՈՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

June 1, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու ելեւէջային իրավիճակը կտրուկ զառիթափ բռնելու ընթացքին մէջ կը թուի ըլլալ: Վարչապետ Էրտողան սկսած է պայմանաժամով խօսիլ Դամասկոսի հետ` իր յանձնարարած բարեփոխումները կատարուած տեսնելու ակնկալութեան շեշտումով: Տակաւին` յայտարարելով, որ Թուրքիան չի կրնար անտարբեր մնալ սուրիացի ժողովուրդին դէմ կիրարկուած բռնարարքներուն ի տես:

Թրքական «սպառնալիք»ներուն դիմաց համեմատաբար զուսպ հակազդեցութիւններու կը դիմէ պաշտօնական Դամասկոսը` հասկնալի պատճառներով: Միջպետական յարաբերութիւններու հիմնական առանցքը, որ յայտարարողական փոխասացութիւններուն մէջ չ՛երեւիր, քրտական հանգոյցն է: Մերթ ընդ մերթ լրատուութիւններ կը շրջագային, որ սուրիական իշխանութիւնները Թուրքիոյ յանձնած են քրտական խմբաւորումներու անդամներ: Չմոռնանք, որ 15 յունիսին համար յայտարարուած է քրտական ըմբոստութեան վերազարթօնքը Թուրքիոյ տարածքին: Սուրիոյ մէջ քրտական խմբաւորումներու յենարանները լուրջ սպառնալիք են Թուրքիոյ թիւ 1 խնդիրին համար:

Կեդրոնանանք բուն հարցին վրայ: Թրքական «Սապահ»ը, նկարագրելէ ետք թուրք-սուրիական վատթարացող յարաբերութիւնները, կը գրէ, որ Անգարան մտահոգուած է Սուրիոյ տարածքին ապրող եւ բնակչութեան 7 տոկոսը կազմող քիւրտ, հայ եւ չերքեզ ազգաբնակչութիւններու իրավիճակով եւ կ՛աւելցնէ, որ անհրաժեշտութեան պարագային անոնց դիմաց կը բանայ Թուրքիոյ դռները: Նման պարագայի, ըստ «Սապահ»ին, Թուրքիա մուտք  պիտի գործեն 500 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն գաղթականներ:

Անհրաժեշտ լուսարձակի տարողութիւն չէր բացուեր նման լրատուութեան մը վրայ, եթէ թերթը այս տեղեկութիւններուն համար չվկայակոչէր թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ: Պարզ է, որ պաշտօնական լրատուութիւն շրջանառութեան մէջ դնելու անուղղակի ձեւի կիրարկումն է արձանագրուածը:

«Սապահ»ի այս լրատուութիւնը կը հակադրուի «Տի ինտիփենտընթ»ի մէջ լոյս տեսած եւ Ռոպըրթ Ֆիսքի ստորագրութիւնը կրող մեկնաբանական յօդուածին բովանդակութեան, ուր կը նախատեսուէր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիոյ տարածքին`  Քամըշլի քաղաքի եւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ հիմնել գաղթականներու ճամբարներ` թոյլ չտալով անոնց  մուտքը Թուրքիա:

Ուրեմն: Պահ մը շրջանցենք Ֆիսքի նախատեսութիւնը եւ կեդրոնանանք «Սապահ»ի տեղեկատուութեան վրայ` (տար)համոզուելու համար, որ Թուրքիան մտահոգ է ի շարս քիւրտ եւ չերքեզ ազգաբնակչութիւններուն, նաեւ սուրիահայ համայնքին իրավիճակով… Շարունակենք. Թուրքիոյ դռները պիտի բացուին Սուրիոյ բնակչութեան 7 տոկոսին դիմաց, որոնց շարքին նաեւ հայ գաղթականներ ընդունելու համար:

Դժուար է թրքական ցուցադրուող հիւրընկալութեան մասին այս պարագային ծաղրանկարային իրավիճակ բնութագրելու փորձութենէն հեռու մնալը: Արձանագրենք միայն, որ ինը տասնամեակ առաջ Թուրքիայէն դէպի սուրիական անապատները բռնատեղահանուած, ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներն էին, որոնց դիմաց դռները բացաւ Սուրիան: Հիմա հակառակ ուղղութեամբ, իրողութիւններ նենգափոխելու անուղղակի ձեւերով, Թուրքիան հակաճգնաժամային, մարդասիրական տարազներու տակ գաղթականական հոսք ընդունելու եղանակներուն մասին կը խօսի:

Գաղթականութիւն տեղափոխելու եւ տեղաւորելու թրքական փորձը ցեղասպանութեամբ աւարտած է: Սուրիոյ բնակչութեան 7 տոկոսը նման «տեղափոխութեան» կարիքը զգալու նախադրեալներ ցոյց չի տար: Մանաւանդ որ գաղթականներու թիւին նախատեսութեան առումով «Սապահ»ի հրապարակած թիւերը` մէկ միլիոն եւ 500 հազար, այլ խորհուրդներ կը վերաթարմացնեն:

Նախորդը

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ – ՊՈՐՈՒՃԵՐՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 2 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։