Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ – ՊՈՐՈՒՃԵՐՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

June 1, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բագրատունի եւ Պորուճերտի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, Լիբանան-Իրան բարեկամական յանձնախումբի անդամ  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրանեան խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուճերտիի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի ու հիւսիսային Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան երեսփոխաններ Գէորգ Վարդանեան եւ Ռոպերթ Բեգլարեան, ինչպէս նաեւ «Ալիք»ի ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեան:

Հանդիպումին ընթացքին Պորուճերտի ողջունեց երեսփոխան Բագրատունին` կարեւորութեամբ շեշտելով Իրանի արտաքին քաղաքականութեան եւ հասարակական կարծիքին մօտ Լիբանանի կարեւոր դիրքն ու լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի հեզասահ ու խոր յարաբերութիւնները` պատասխանատուներու եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ:

Պորուճերտի մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, խորհրդարանական եւ մշակութային մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդուին:

«Լիբանանեան իրադարձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն շրջանային եւ միջազգային բեմերուն վրայ, այդ պատճառով ալ լիբանանեան իրավիճակին նկատմամբ մեծ պետութիւնները խիստ զգայուն են, իսկ Լիբանանի նման փոքր երկրի մը մէջ գործող Դիմադրութեան կողմէ սիոնական գոյացութեան եւ անոր ներխուժումներուն դէմ դնելը բարձր գնահատանքի արժանի է», ըսաւ Պորուճերտի:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ տիրող կացութեան` Պորուճերտի յայտնեց, որ վերջերս շրջանային իրադարձութիւններուն արդիւնքները փոփոխութեան ենթարկած են շրջանի քաղաքական հաւասարութիւններն ու կառոյցները`  մաղթելով, որ ի վերջոյ արձանագրուած այդ զարգացումները յանգեցնեն շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման:

Պորուճերտի նկատել տուաւ նաեւ, որ Իրանի խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւնները ներկայացնող երեսփոխաններուն հետ յարաբերութիւնները այլ երեսփոխաններու հետ յարաբերութիւններէն տարբեր չեն, որովհետեւ անոնք խորհրդարանին մէջ ժողովուրդին ներկայացուցիչներն են եւ խորհրդարանը ժողովուրդին տունն է:

Իր կարգին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի գնահատեց Իրանի դերակատարութիւնը` լիբանանցիներուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան առումով. ան աւելցուց, որ Լիբանանը իբրեւ սիոնական սպառնալիքներուն տակ գտնուող երկիր` Իրանի բարեկամ երկիր է եւ իրանցիները մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են Լիբանանին:

Յ. Բագրատունի կարեւոր նկատեց նաեւ Իրանի դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ Հայաստանի հետ բարեկամութեան առումով:

Լիբանանեան առումով, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց Լիբանանի մէջ կառավարութեան արագ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ կազմուի այդ կառավարութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ շրջանային զարգացումներուն շրջագիծին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, եւ այդ իմաստով զգօն եւ զգուշ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ Թուրքիա իբրեւ բարեկամ գործընկեր կարելի չէ նկատի ունենալ, յատկապէս շրջանին մէջ յառաջացող

վերջին խլրտումներուն ի տես անոր ցուցաբերած գոռոզ եւ վերապահութեան արժանի կեցուածքներուն լոյսին տակ:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԻՆԻՈՐԱՆ ԵՒ ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻՆ

Յաջորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ «ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»` 7 ՏՈԿՈՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։