
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ալեն Ժիւփէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան անհրաժեշտութիւնը` անհատական եւ ժողովրդային առումով:
Ժիւփէ այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ժիւփէ հաստատեց, որ Ֆրանսա անշեղ կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան զօրակցելու իր կեցուածքէն:
Ժիւփէ շեշտեց, որ Փարիզ կը հաւատայ նոր սկիզբի մը նախաձեռնելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կարողութեան` աւելցնելով, որ ինք կը մնայ Լիբանանի հաւատարիմ եւ յանձնառու բարեկամը:
Նշենք, որ Ժիւփէ այցելեց նաեւ Պէյրութի քաղաքապետարան: Ժիւփէի կատարած բոլոր այցելութիւններուն անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի:


