«Արեւմտեան Քիւրտիստանի խորհրդարան»-ի, այսինքն` Սուրիոյ քիւրտերու բանբեր Շիրզատ Եզիտի յայտարարեց, որ ներկայիս պատրաստութիւն կը տեսնուի խորհրդարանական ընտրութիւններու, որոնցմէ Սուրիոյ քրտական շրջաններու հարցերու կառավարման տեղական կառավարութիւն մը պիտի բխի:
Ան նշեց, որ ներկայիս քաղաքական տարբեր ուժերու, արաբներու, քիւրտերու եւ այլոց միջեւ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին կազմելու համար հասարակաց վարչակազմ մը, որուն պարտականութիւնը կը սահմանափակուի երեք ամսուան ընթացքին խորհրդարանական ընտրութիւններ պատրաստելու, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու` պատրաստելու համար ժամանակաւոր սահմանադրութեան նախագիծ մը, որ այդ խորհրդարանական ընտրութեանց կազմակերպումէն առաջ հանրաքուէի պիտի դրուի, իսկ խորհրդարանի կազմութենէն ետք վաւերացման համար պիտի ներկայացուի ընտրովի խորհրդարանին:
Միւս կողմէ, ՔԱԿ-ի պատկանող Քրտական համայնքներու միութեան անդամ Տիար Քամշլօ Անգարայի հետ խաղաղութեան հոլովոյթի տապալումէն զգուշացուց: Ան «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնեց, որ թրքական պետութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցելու որեւէ շօշափելի քայլ չառաւ, այլ ընդհակառակն` սկսաւ Ապտիւլլա Օճալանի ծրագիրին հիմամբ ՔԱԿ-ի խաղաղ քայլերու իրագործման առջեւ արգելքներ դնել:


