
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի զօր. Քահուաժիի հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր եւ յատկապէս ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր` լիբանանեան բանակին նահատակներուն համար:


