Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերմելի Մէջ Կը Պայթին Երկու Ականներ

July 8, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 7:45-ին, Հերմելի մէջ պայթած է ական մը, որ վնասներ պատճառած է քաղաքացիի մը ինքնաշարժին:

Ըստ հաղորդագրութեան, բանակի շրջուն ջոկատ մը ուղղուած է ստուգելու պայթումին վայրը: Բանակի շրջուն ջոկատը հազիւ թէ մօտեցած է այդ վայրին, պայթած է երկրորդ ական մը, որուն պատճառով վիրաւորուած են սպայ մը եւ զինուոր մը, ինչպէս նաեւ վնասուած են զինուորական ինքնաշարժները:

Բանակը անմիջապէս հետաքննութիւն բացաւ դէպքին շուրջ` բացայայտելու համար անոր ծալքերն ու այդ արարքը գործող կողմերուն ինքնութիւնը:

Ըստ կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներու, բանակի սակրաւորները գտած են նաեւ երրորդ ական մը, զոր կրցած են վնասազերծել:

Միւս կողմէ, երէկ արձանագրուեցան բանակին ի նպաստ զօրակցութեան կեցուածքներ եւ կատարուեցան անոր դէմ գրգռութիւններու հրահրումը դատապարտող յայտարարութիւններ:

Այս ծիրին մէջ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խստիւ դատապարտեց Պեքաայի մէջ բանակը թիրախ դարձնող գործողութիւնը եւ շեշտեց, որ բանակին դէմ մաղձ թափողները պէտք է ստանձնեն բանակին դէմ գործուող բոլոր յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ որեւէ պարագայի բանակը թիրախ դարձնողը երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան դէմ դաւեր նիւթող կը նկատուի:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր խստիւ դատապարտեց Հերմելի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումը` զայն նկատելով երկչոտ արարք մը:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Դարձեալ Ընդունեց Մահմուտ Ապպասը

Յաջորդը

Պէյրութ – Երեւան Ուղիղ Թռիչքներու Իրականացման Առաջին Արդիւնքը. Համագործակցութեան Համաձայնագիր` Լիբանանի Եւ Հայաստանի Առեւտուրի Եւ Արդիւնաբերութեան Պալատներուն Միջեւ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.