Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութ – Երեւան Ուղիղ Թռիչքներու Իրականացման Առաջին Արդիւնքը. Համագործակցութեան Համաձայնագիր` Լիբանանի Եւ Հայաստանի Առեւտուրի Եւ Արդիւնաբերութեան Պալատներուն Միջեւ

July 8, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեան եւ լիբանանեան կողմէն Ֆրենչայզինկ ընկերակցութեան նախագահ Շարլ Արպիտ 6 յուլիսին համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին: Յուշագիրը կը նախատեսէ երկկողմանի կապերու ամրապնդում եւ ներդրումներու խթանում: Համաձայնագիրով պիտի ցուցաբերուի աջակցութիւն նաեւ գործարար շրջանակներուն:

Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեանի համաձայն, հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները 2 հազարամեակի պատմութիւն ունին: «Լիբանանահայ բազմաթիւ գործարարներ եւ արդիւնաբերողներ մաս կը կազմեն երկրի արդիւնաբերողներու եւ առեւտրականներու միութիւններու: Լիբանանի հայերը ներկայացուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ, երկրի դիւանագիտական անձնակազմին մէջ: Լիբանանէն Հայաստան ներմուծուող ապրանքները 2011 թուականին 3,5 միլիոն տոլար կազմած են, իսկ Հայաստանէն Լիբանան արտահանուած է ընդամէնը մէկ միլիոն տոլարի ապրանք», ըսաւ ան:

Սարգսեանի համաձայն, համաձայնագիրով Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին եւ Լիբանանի առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ երկրագործութեան պալատին կից գործարար խորհուրդներ պիտի ստեղծուին:

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան այս առիթով նշեց, որ երկու կողմերն ալ փոխադարձ ներդրումներու համար լաւ կարելիութիւններ ունին: «Բազմաթիւ լիբանանցի գործարարներ կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ: Մենք աջակցած ենք եւ կ՛աջակցինք անոնց», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, Երեւան-Պէյրութ օդանաւային նոր ուղին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ երկկողմանի թռիչքներու միջոցով աւելի սերտ յարաբերութիւններ ստեղծել Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ:

Յայտնենք, որ Պէյրութ – Երեւան առաջին ուղիղ թռիչքը` «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան միջոցով, տեղի ունեցաւ 5 յուլիսին: Սոյն թռիչքով Հայաստան ժամանեցին շուրջ 130 ուղեւորներ, որոնց շարքին լիբանանեան կառավարութեան եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Շաբաթական երկու անգամ պիտի իրականացուի ուղիղ թռիչք:

 

 

Նախորդը

Հերմելի Մէջ Կը Պայթին Երկու Ականներ

Յաջորդը

Յատուկ Յանձնախումբի Ստեղծում` Հայոց Ցեղասպանութեան Հիմնախնդիրներու Իրաւական Թղթածրարը Ամբողջականացնելու Նպատակով. Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.