Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին. Ֆրանսա Իր Ներդրումը Պիտի Ունենայ Ղարաբաղի Խնդիրին Մէջ

July 6, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փասքալ Մոնիէ

Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ նախանցեալ օր Պաքուի մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին վստահեցուց, որ պաշտօնական Փարիզ պիտի շարունակէ աշխուժօրէն աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին:

Մոնիէ նշեց, որ Ֆրանսա իր ներդրումը պիտի ունենայ հայ-ազրպէյճանական տագնապի խնդիրին մէջ: Ան աւելցուց, որ մինչ այդ իր երկիրը լուրջ ջանքեր գործադրած է այդ ուղղութեամբ:

ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը փոխանցեց, որ դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումներուն նիւթին:

«Վերջերս տեղի ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն անմիջական յարաբերութիւնը: Իլհամ Ալիեւ առաջարկեց մօտ ապագային կազմակերպել նման հանդիպում մը», յայտնեց Փասքալ Մոնիէ:

Ըստ անոր, տակաւին անցեալ տարուան աշնան Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին ֆրանսացիները քննարկեցին Ղարաբաղի վերաբերեալ Փարիզի ստանձնած հիմնական պարտաւորութիւնները: Հարցը արծարծուած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ֆրանսական կողմի քննարկումներուն ընթացքին:

Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը նաեւ նշեց, որ Ֆրանսա, ինչպէս նաեւ մնացեալ երկիրները, ապագային ալ պէտք է սատարեն խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

Նախորդը

Մոլտաւիացի Խորհրդարանական Փաստաբան Մը Ազգային Ժողովին Մէջ Հակահայ Յայտարարութիւններ Կը Կատարէ. Մոլտաւիոյ Խորհրդարանը Կը Խոստանայ Քննել Միջադէպը

Յաջորդը

Իրաւաբաններու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.