Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 6, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումը` հաստատելով, որ միայն երկխօսութեան ընդմէջէն կարելի է լուծման մը յանգիլ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը զիրար միացնող հասարակ յայտարարները շատ աւելի են, քան այն հարցերը, որոնք տարակարծութիւններ կրնան պատճառել: Ան հաստատեց, որ խորհրդարանը պէտք է շարունակէ զօրակցիլ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռիատ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնական ապահովութեան անձնակազմին թիւը բարձրացուցած է` նկատի ունենալով Հարիրիի դէմ սպանութեան սպառնալիքները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ Սայտա եւ լիբանանեան պետութիւնը կը գտնուին մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման եւ անհրաժեշտ է այդ մարտահրաւէրները շրջանցել:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը եւ զօրակցելու պետական ապահովական կառոյցներուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հաստատեց, որ Ահմետ Ասիր Հըզպալլայի արտադրութիւն է, իսկ զէնքի գոյութիւնը մղած է ծայրայեղութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց ֆրանսացի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնը, որուն հետ քննարկեց միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Ան մաղթեց, որ Ֆրանսա շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Նուր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ցոյց մը` առանց բախումներու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Եաագուպ շեշտեց, որ Ահմետ Ասիրին զօրակցութիւն յայտնելով բանակին եւ քաղաքացիական անվտանգութեան դէմ յարձակումը շարունակուած կ՛ըլլայ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները մեր վրայ ունեցան իրենց հետեւանքները, իսկ Լիբանանի դէմ Սուրիոյ կողմէ առնուած քայլերուն մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցածը բողոք կարելի չէ նկատել:

 

Նախորդը

Եգիպտական Բանակը Միասնականութեան Եւ Հաշտութեան Կոչ Կ՛ուղղէ. Սաստիկ Բախումներ` Մուրսիի Հետեւորդներուն Եւ Հակառակորդներուն Միջեւ

Յաջորդը

«Բանակին Հետ Գործակցութիւնը Հիմնական Է ՖԻՆԻՒԼ-ին Յաջողութեան Համար» Շեշտեց Զօր. Սերրա

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.