Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Բարձր Գնահատեց Լեհաստանի Հետ Հաստատուած Դարաւոր Յարաբերութիւնները

June 27, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի անունով իրեն ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին յայտնեց, որ հայ եւ լեհ ժողովուրդները կը միաւորէ նաեւ փոխադարձ համակրանքը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր բաժակաճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար, ապա անդրադարձաւ դարերու խորքէն եկող հայ-լեհական բարեկամութեան, պատմական սերտ առնչութիւններու վրայ կառուցուած միջպետական յարաբերութիւններուն եւ Լեհաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ունեցող լեհահայ համայնքին ու հայ-լեհական յարաբերութիւններու հեռանկարին: Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ երկու երկիրները կը միաւորեն ժողովրդական խառնուածքի բազմաթիւ գիծեր, ինչպէս` մարդամօտութիւնը, խարազանող ինքնաքննադատութիւնը, լաւագոյն բարձունքներու հասնելու ձգտումը:

Ան ընդգծեց, որ պատմական սերտ առնչութիւններու վրայ կառուցուած եւ այսօր արդէն 20-ամեայ պատմութիւն ունեցող Հայաստանի միջպետական յարաբերութիւնները կը բնորոշուին բարձր մակարդակով եւ բովանդակային խորութիւն ունեցող քաղաքական օրակարգով: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ վերջին շրջանին նշանակալիօրէն աշխուժացած են բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները` նախագահներու, վարչապետներու, արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ պետական այլ նախարարներու մակարդակով:

Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ օգտագործուի տնտեսական մարզին մէջ չօգտագործուած մեծ ներուժը: Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ Լեհաստան վստահելի գործընկեր մըն է Հայաստանի համար` հանդիսանալով Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքականութեան նախաձեռնող երկիր մը, որ կը սատարէ Հայաստանի` Եւրոպայի հետ մերձեցման ջանքերուն:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հայ եւ լեհ ժողովուրդներու շուրջ հազարամեայ պատմական ուղիները ամուր կամուրջ դարձած են երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն համար: Ան գնահատելի նկատեց հայ ժողովուրդի դժուար պահերուն լեհ ժողովուրդին բարեսիրտ եւ հիւրընկալ վերաբերմունքը, որ դրսեւորուեցաւ նաեւ 2005 թուականին Լեհաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով:

Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ լեհական հասարակութեան, երկրին վարչական-քաղաքական, մշակութային եւ գիտական շրջանակներուն մէջ գտնուող բազմաթիւ հայկական մասնիկներուն:

Նախագահ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, մասնակցեցաւ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի պուրակներէն մէկուն անուանակոչման արարողութեան: Պուրակը կոչուեցաւ «Հայկական պուրակ»:

Պուրակի անուանակոչման որոշումը տրուած էր Վարշաւայի քաղաքի խորհուրդին կողմէ` ի նշան հայ-լեհական դարաւոր բարեկամութեան:

Հանդիսաւոր արարողութեան շրջագիծին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը օծեց պուրակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարը, որ Հայաստանի նուէրն է Վարշաւա քաղաքին:

Վարշաւայի քաղաքապետը Երեւանի քաղաքապետին նուիրեց «Հայկական պուրակ» գրառումով ցուցատախտակը:

Նախորդը

«Երբեք Երկրին Մէջ Ներքին Լարուածութիւնը Այնքան Սուր Չէ Եղած, Որքան Այսօր» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.