Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ձախողած Երկիրներու» Աղիւսակին. Հայաստան Իր Շրջանի Ամէնէն Կայացած Պետութիւնն Է, Իսկ Լիբանանը` «Վտանգուած Երկիրներ»-ու Շարքին

June 27, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան Խաղաղութեան հիմնադրամ հետազօտական հիմնարկը հրապարակեց «Ձախողած/չկայացած երկիրներու» տարեկան վարկանիշային աղիւսակը, որուն մէջ 178 երկիր ընդգրկուած է:

Ցանկը կազմուած է հաշուի առնելով ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հետեւեալ 12 չափորոշիչները` ժողովրդագրական զարգացում, գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու տեղաշարժ, դժգոհ զանգուածներու գոյութիւն, մարդկային ներուժի արտահոսք, տնտեսական զարգացման անհաւասարութիւն, աղքատութեան եւ տնտեսական անկման ցուցանիշ, իշխանութեան օրինականութեան հարց, պետական մարմիններու գործառոյթներ, մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտում, տուեալ երկրին մէջ անվտանգութեան մարմիններու դերի ուժեղացում (անոնց պետութեան մէջ իբրեւ պետութիւն վարուիլը), իշխող վերնախաւի ազդեցութեան մեծացում, օտար երկիրներու միջամտութիւն եւ արտաքին գործօններ:

Աշխարհի 178 երկիրները, ըստ ձախողութեան աստիճանի, դասակարգուած են վատագոյնէն դէպի լաւագոյն ընթացող չորս խումբի` «ահազանգային վիճակի երկիրներ», որոնք հաւաքած են 90.1-էն 114.2 կէտ, «վտանգուած երկիրներ»` 60.5-էն 89.9 կէտ, «կայուն»` 31.8-էն 59.9 կէտ եւ «ամէնէն կայուն երկիրներ»` 16.8-էն 29.7 կէտ:

2012-ի ամէնէն ձախող երկիրն է Սոմալին (113.3 կէտ), որուն կը յաջորդեն Քոնկոն եւ Սուտանը: Այս խմբակին մէջ են նաեւ Հարաւային Սուտանը, Չատը, Եմէնը, Աֆղանիստանը:

«Վտանգուած երկիրներ» խմբակին մէջ գտնուող Հայաստանը որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրած է եւ 71.3 կէտ ապահովելով գրաւած է 105-րդ դիրքը: Ան մէկ տարի առաջ կը գտնուէր 102-րդ դիրքին վրայ:

Ինչպէս 2012-ին, Հայաստան այս տարի եւս դրացի երկիրներու շարքին ամէնէն լաւ ցուցանիշը արձանագրած է. Վրաստանը 84.2 կէտ ապահովելով գրաւած է 55-րդ դիրքը (անցեալ տարի 51-րդ դիրքի վրայ էր), Թուրքիան 75.9 կէտով գրաւած է 86-րդ դիրքը (2012-ին` 85-րդ դիրքը), Ազրպէյճանը` 78.2 կէտերով 75-րդ դիրքը (2012-ին` 68-րդ դիրքը), իսկ Իրանը` 89.7 կէտերով 37-րդ դիրքը ( 2012-ին` 34-րդ դիրքը):

Լիբանան 86.3 կէտ ապահովելով գրաւած է 46-րդ դիրքը: Ան կը գտնուի «Վտանգուած երկիրներ» խմբակին մէջ:

2013-ի վարկանիշի «ամէնէն կայուն» երկիրները սկանտինաւեան երկիրներն են. 178-րդ դիրքը կը գրաւէ Ֆինլանտան (18.0 կէտերով), ապա Շուէտը (19.7 կէտերով) եւ Նորվեկիան (21.5 կէտերով):

Ռուսիան գրաւած է 80-րդ դիրքը, իսկ Միացեալ Նահանգները` 159-րդ դիրքը:

 

 

Նախորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Ապրայի Ականուած Շէնքերուն Վնասազերծումը Եւ Կը Բացայայտէ Գետնափոր Այլ Փապուղիներ

Յաջորդը

«Ազրպէյճանական Դրօշը Դարձեալ Պիտի Ծածանի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.