Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Լափօ Փիսթելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փիսթելլի հաստատեց, որ Պէյրութ կատարած իր այցելութիւնը կը միտի ընդգծել լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւններուն ամրապնդուածութիւնը` շեշտելով, որ Իտալիա Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական գործակիցն է:
Փիսթելլի աւելցուց, որ Լիբանան իրենց այցելութիւնը երկրին ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէ:
Իր կարգին, Սալամ յայտնեց, որ իր առաքելութիւնն է կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած տագնապները:
Սալամ հաստատեց, որ Սայտայի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը կը փաստեն, որ Լիբանան կարիքը ունի նոր կառավարութեան մը:
Սալամ ընդունեց նաեւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարը:
Նշենք, որ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խիստ անհրաժեշտութիւն մը դարձած է Լիբանանի համար:


