Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 26, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԺՏԱԼ Այնճարի մէջ պայթեցաւ 150 կրամ կշռող փոքր ական մը, որ կը պարունակէր գամեր եւ հեռուէն պայթեցուած էր:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ռոլան Ֆապիւս անհրաժեշտ նկատեց, որ Հըզպալլա վերջ տայ սուրիական տագնապին իր միջամտութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ահմետ Ասիր պիտի ունենայ Պըն Լատենի ճակատագիրը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ Հարիրի ընտանիքն էր, որ նեցուկ կանգնեցաւ Ահմետ Ասիրին եւ բոլոր անոնց, որոնք ուրիշը անհաւատ կը նկատեն: Ան աւելցուց, որ Ժունտ Շամի կազմակերպութիւնը կարելի է կոչել նաեւ Ժունտ սըթ` նկատի ունենալով, որ երեսփոխան Պահիա Հարիրի կը զօրակցի անոնց:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է եւ անոր դէմ յարձակումը բացարձակապէս արգիլուած է:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի շեշտեց, որ բանակին դէմ յարձակումը կը միտէր հարուածել Լիբանանի ողնասիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ  եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն համախմբուելու բանակին շուրջ եւ նեցուկ կանգնելու անոր` երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան առումով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ծոցի երկրի մը ղեկավարին մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ Ծոցի երկիրները միլիառաւոր տոլարներ մսխած են Սայտայի մէջ սիւննի-շիի բախումներ բռնկեցնելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ բանակին դէմ յարձակումին նկատմամբ խիստ վարուելակերպ պիտի ցուցաբերուի:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ դատապարտեց բանակին դէմ յարձակումը` աւելցնելով, որ անիկա լիբանանեան ազգային երաշխիք մը կը նկատուի:

ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ քաղաքական եւ տեղեկատուական մարզի կեղծումները պիտի ստեղծեն Ահմետ Ասիրի նման նոր երեւոյթներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա ցաւ յայտնեց, որ բանակին դէմ գործուած իւրաքանչիւր յարձակումի պարագային ոճրագործը անպատիժ կը մնայ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը Լիբանանը փրկած է մեծ սադրանքէ մը, որ անոր դէմ նիւթուած էր եւ Սայտայէն բռնկելով ամբողջ Լիբանանի մէջ պիտի տարածուէր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ ոմանց նպատակն է Լիբանանի մէջ սադրանքներ հրահրել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ բանակին զօրակցութիւնը պարզապէս մօտեցում չէ, այլ պէտք է գործնականի վերածուի: Ան շեշտեց, որ Սայտայի մէջ պատահածը լիբանանեան պետութիւնը ահաբեկելու հանգրուան մը կը նկատուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր կոչ ուղղեց Հըզպալլային յանձնառու ըլլալու Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան յայտարարած չէզոք կեցուածքին:

Նախորդը

Սէուտ Ֆայսալ Սուրիան Բռնագրաւուած Երկիր Կը Նկատէ. «Տագնապին Իրանի Եւ Հըզպալլայի Միջամտելէն Ետք Հարցերը Աւելի Բարդացան» Ըսաւ Քերրի

Յաջորդը

«Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելով Չէ, Որ Բանակին Զոհողութիւնները Պատմութեան Մէջ Կ՛ամրագրուին» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.