
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեան եւ Աղուան Վարդանեան երէկ առաւօտեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի հետ:
Հանդիպման նպատակը Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան բացայայտման հոլովոյթին ծանօթանալն էր:
Ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան վստահեցուց, որ նախաքննութիւնը կը շարունակուի ամբողջ թափով, ամէն ինչ կը կատարուի ոճիրի լիարժէք, ամբողջական բացայայտման համար:
Ան նաեւ երաշխաւորեց, որ նախաքննութեան նպաստող որեւէ տեղեկութեան գաղտնիութիւնը, վկայութիւն տուողներուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովուի:
Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակելու համագործակցութիւնը:


