Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆՈՐ ԴԵՐԸ` ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՈՂ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ

May 24, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէուտական Արաբիոյ վարկն ու դիրքը շրջանին մէջ մասամբ կառուցուած են իր աշխարհագրական չափին եւ իբրեւ մեծ քանակութեամբ քարիւղ արտադրող երկրի իր կարգավիճակին վրայ:

Սէուտական Արաբիա անգամ մը եւս կ՛ուզէ արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը ձեւաւորել` քաջալերուած եւ մղուած շրջանային յեղաշրջումներէ, որոնք կը սպառնան դրացի շրջաններու մէջ վարչակարգերը տապալելու եւ այդ հոլովոյթին մէջ վնասելու ազգային ապահովութեան:

 

Երբ Ապտալլա թագաւոր 2005 թուականին գահ բարձրացաւ, թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին մէջ յոյսերը մեծ էին, թէ արաբական աշխարհի դատարկութիւնը պիտի լեցուի սէուտցի աւելի գործունեայ ղեկավարով մը, որ կը յաջողի բարելաւել շրջանային կացութիւնը` ի շահ Միացեալ Նահանգներու «չափաւորական» արաբ դաշնակցութեան եւ` ի վնաս Իրանի:

Բայց այս յոյսերը շուտով չքացան:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը մշակող, վարող մեքենային թերութիւնները մասամբ թագաւորին յառաջացած տարիքին պատճառով սէուտական միացեալ քաղաքական կեանքի մը չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային ուժերու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ դրուած խոչընդոտները պատճառ դարձան, որ ներպաղեստինեան խաղաղութեան նպաստող ջանքերը աւազախրին:

Այլ ճակատներու վրայ (Լիբանան, Սուտան եւ Սոմալի) սէուտական միջնորդութիւնը ոչինչ տուաւ:

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՈՂՆԱՅԱՐԸ

Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնը այս տարի սարսափով դիտեց, թէ ինչպէ՛ս 1979 թուականին պատահածին նման, Միացեալ Նահանգներ լքեցին իրենց ռազմավարական դաշնակիցը (այս անգամ զոհն էր Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի մինչ անցեալին` Իրանի շահը):

Ռիատի նոյնիսկ թուեցաւ, որ Ուաշինկթըն կը համակրի իր` Ռիատի կարծիքով Իրանի տէ ֆաքթօ դաշնակիցներուն (Պահրէյնի շիա ընդդիմութեան):

Մեծամասնութեամբ շիա բնակչութիւն ունեցող Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան նահանգի սահմանակից Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն Ռիատի հակադարձութիւնը եղաւ կարծրացնել Խալիֆա վարչակարգին ողնայարը` անգամ մը եւս ուժեր ղրկելով Պահրէյն: Սէուտական Արաբիոյ Ազգային պահակագունդը վերջին անգամ 1995-ին թափանցած էր Պահրէյն:

Սէուտական Արաբիա Պահրէյնի իշխող ընտանիքին օգնութեան փութաց:

Սէուտական առաքելութիւնը զգեստաւորուած է խախուտ դրօշովը վեցանդամնոց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին,  որուն ծիրին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քուէյթ ձեւական զինուորական մասնակցութիւն բերին:

 

Այսուհանդերձ, սէուտական ուժերն են, որոնք Պահրէյնի մէջ կ՛ուժեղացնեն Խալիֆաներու հակակշիռը, այնպէս` ինչպէս սէուտական դրամը կ՛իւղոտէ Խալիֆայի հովանիի իշխանութիւնը:

Եմէն արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Սէուտական Արաբիոյ համար ապահովական առաջնահերթ մտահոգութիւն է: Ասիկա` այն պատճառով, որ Քայիտա այդ երկրին մէջ ներկայութիւն է: Ռիատի համար մտահոգիչ են նաեւ իրանեան ենթադրեալ թափանցումները Եմէն, ուր կայ ներքին անջատողականութեան սպառնալիքը:

ԵՄԷՆ` ԴԻՄԱԶԵՐԾՈՒԱԾ

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հետ Սէուտական Արաբիոյ դաշինքը վերջերս տապալեցաւ: Սէուտական Արաբիա անգամ մը եւս յատուկ կշիռ եւ նշանակութիւն տուաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի յայտնի նախաձեռնութեան. «Խաղաղութեան ծրագիր» մը, որ Եմէնի նախագահէն կը պահանջէ իր իշխանութիւնը յանձնել փոխնախագահին:

Եմէնի կառավարութեան եւ ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները Ռիատի մէջ տեսակցելով` կը փորձեն համաձայնութիւն գոյացնել: Վճռորոշ հարցը կ՛ըլլայ այն, որ արդեօ՞ք եմէնցիք ատոր կէտերուն շուրջը համաձայնելու կամքը ունին:

Առանց այսպիսի ներքին համաձայնութեան` սէուտական նախաձեռնութեան յաջողութիւնը կարելի չ՛ըլլար, նոյնիսկ եթէ հաշուի առնուին Ռիատի քաղաքական ազդեցութեամբ, դրամական աղբիւրներուն եւ Սալեհի իշխանութեան մարտահրաւէր կարդացողներուն հետ (իսլամականներ, ցեղային եւ անջատողական տարրեր) խօսելու կարողութեան:

Եմէնի ընդդիմադիր ղեկավարներ եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը Սալեհէն պահանջեցին հրաժարիլ:

Արաբական ըմբոստութեանց հանդէպ Ռիատի տեսակէտը ձեւաւորուած է, ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներու լոյսին տակ երկրի կայունութիւնը պահպանելու մտահոգութեամբ:

 

Սէուտական զինուորական ընտրանքները արդէն կ՛իրականացուին Պահրէյնի մէջ, այնպէս` ինչպէս աւելի քան 18 ամիս առաջ Եմէնի մէջ, դիմակալելով եմէնցի շիա խմբակ մը, որ իր սահմանը հատած էր:

Այն պահուն, երբ արաբական ըմբոստութիւնները կը սպառնան աւելցնելու իրանեան եւ Քայիտայի առիթները դրացի տարածքներէ ներս, Սէուտական Արաբիա պիտի փորձէ ատոնց ուժով կամ դիւանագիտութեամբ եւ կամ ոչ առատաձեռնութեամբ հակադարձել, ըստ յարմարութեան:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ

Ռիատի համար պաասական Սուրիան մտահոգող դրացի մը չէ: Թէեւ երկար ատենէ ի վեր անվստահելի է իբրեւ իրանեան դաշնակից մը, որ փաստած է իր չկամութիւնը աշխատելու շօշափելի «արաբական» շահերով, հետաքրքրութիւններով: Սէուտական կառավարութիւնը չի կրնար յուսալ, որ կրնայ փորձել ուղղակի ազդեցութիւն բանեցնել Սուրիոյ վարչակարգին կամ դէպքերուն ընթացքին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նման, Ռիատ վստահ չէ, թէ Սուրիոյ մէջ այլընտրանքը ի նպաստ իրեն պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ ատիկա ի վնաս Իրանի ըլլայ:

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ներքին ճակատի վրայ հաստատ եւ ամուր կը թուին շնորհիւ խառնուրդի մը` հովանաւորչութեան, ապահովութեան եւ բազմաթիւ քաղաքայիններու (շիա եւ սիւննի) այն մտահոգութեան, թէ իրենք կրնան վնաս կրել, եթէ վարչակարգին դէմ ուղղակի ասպարէզ կարդացուի:

Այսուհանդերձ, ժողովրդային պահանջներուն «ժահրը» անյարմար, անհանգստացնող երեւոյթ մըն է թագաւորութեան համար, որ շրջանային իրադարձութիւնները կը տեսնէ ազգային ապահովութեան եւ ռազմավարական մրցակցութեան պրիսմակին ընդմէջէն:

Սէուտական Արաբիա Միացեալ Նահանգներու հետ կը բաժնէ այն ցանկութիւնը, որ շրջանային համաժողովրդական ցոյցերը պէտք է անպայման իրենց ազդեցութիւնը ունենան Իրանի վրայ:

Բայց Ռիատ Ուաշինկթընը չի տեսներ իբրեւ որոշիչ, վճռորոշ զօրավիգ այս ընդհանուր շահերուն:

Իբրեւ արդիւնք, Ռիատ միակողմանի պիտի գործէ, ուր որ կրնայ, որպէսզի իր շահերը ապահովէ:

Բայց Սէուտիոյ այս ընթացքը կրնայ խափանուիլ տարբեր պատճառներով, սկսելով իր քաղաքական մեքենայի թերութիւններէն, հասնելու համար այլ շրջաններու մէջ ընթացող դէպքերու ուժին, որովհետեւ այդ դէպքերը ունին իրենց ուրոյն կեանքն ու ուղղութիւնը:

ՆԻԼ ՓԱՐԹՐԻՔ

«Ռոյըլ Եունայթըտ Սըրվիսըզ» հիմնարկ
Նախորդը

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՉՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՃՈՎ. ԱՐԴԵՕՔ ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿԱ՞Ն ԷՐ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.