Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՉՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

May 24, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քաղաքական ազատութեան համար տենչանքը մղիչ գործօնն է Միջին Արեւելքը տարտղնող յեղափոխութիւններուն:

Մօտաւորապէս դար մը տեւած քաղաքական լճացումին փոփոխութիւնը ի վերջոյ սկսած է վերադառնալ Միջին Արեւելք, բայց արաբական աշխարհին մէջ ի՞նչ դեր պիտի ունենան արեւմտեան ուժերը, կը հարցնէ Պի. Պի. Սի.ի վերլուծաբան Ժերալտ Պաթ:

 

Մեծաքանակ ապստամբութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ այս Արաբական գարնան ընթացքին, առաջինն է յետգաղութատիրական ժամանակաշրջանին մէջ:

Բայց կան նշաններ, որոնք կը հաստատեն, թէ արեւմտեան պետութիւններ (անոնց շարքին` նախկին գաղութատիրական պետութիւններ) տակաւին հիմնական դերակատարութիւն պիտի ունենան 21-րդ դարու նոր Միջին Արեւելքի վերընձիւղումին մէջ:

Շրջանին մէջ վերջին վերիվայրումը տեղի ունեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք:

Բրիտանիա եւ Ֆրանսա գաղտնօրէն մշակած էին նոր պետութիւններ ստեղծելու ծրագիր մը` լրբօրէն կոխկռտելով անկախութեան եւ միասնականութեան արաբներու ձգտումները, տենչանքները:

Այժմ, ընդհակառակը, արաբներու ճիշդ այդ ձգտումներն են, այս անգամ` քաղաքական ազատութեան, որոնք մղիչ գործօն են շրջանին մէջ յեղափոխութիւններու թափ ստանալուն, անընդհատ շարժումին:

Բայց մինչ փոփոխութեան ցանկութիւնը հզօր է, Արաբական գարունը համակարգուած ընթացքի մը չի հետեւիր:

Այսպիսով, շրջանէն դուրս լայն շրջանակներ կը ծրագրեն լայնածիր ռազմանենգութիւններ, որովհետեւ կը հետապնդեն իրենց շահերը:

Ուսամա Պըն Լատենի յաջող վերացումը շատ հաւանաբար միայն ամրապնդէ անոնց վստահութիւնը` դրական քայլեր առնելու, հասնելու համար իրենց նպատակներուն:

Աւելի՛ն. զանոնք կեցնելու, անոնց այդ ծրագիրը խափանելու համար արաբական աշխարհը, տասնամեակներու պառակտումներէ, բարոյալքումէ եւ պարտութենէ ետք, շատ քիչ բան կրնայ ընել:

ԾԱՆՕԹ ՊԱՏԿԵՐ

Արեւմուտքի օդուժներն են Լիպիան հարուածողները:

Ոչ մէկ տեղ ասիկա աւելի ակնյայտ է, քան` Լիպիոյ համաժողովրդական ապստամբութեան մէջ: Երբ գնդապետ Մ. Քազզաֆի իր զէնքն ու օդուժը դարձուց իր իսկ ժողովուրդին դէմ, Արաբական լիկան կոչ ըրաւ թռիչքի արգիլեալ գօտի հաստատելու այդ երկրին վերեւ` պաշտպանելու համար քաղաքայինները:

 

Սակայն հաւաքական արաբական աշխարհի, բոլոր իր հսկայական միջոցներով, չկրցաւ հաւաքել, գոյացնել քաղաքական բաւարար համաձայնութիւն` կազմելու համար օդային արգիլեալ գօտին պարտադրելու զինուորական անհրաժեշտ սարքաւորումը:

Հետեւաբար, երբ կը թուէր, թէ Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ յեղափոխութիւնները կը վերականգնէին, կը վերահաստատէին արաբական ինքնահամարումը, ինքնարժեւորումը, միջամտելու նուաստացուցիչ կոչ կ՛ըլլար Արեւմուտքին:

Արեւմտեան երկիրներու օդանաւեր կը կազմեն  Լիպիոյ մէջ գործողութիւններ կատարող համախմբական ուժին մեծ մասը:

Այժմ ոչ միայն արեւմտեան օդանաւեր թիրախներ կը ռմբակոծեն ամբողջ Լիպիոյ  տարածքին, այլեւ ռազմական խորհրդատուներ նախկին երեք գաղութատիրական երկիրներէ (Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա) առաքուած են Լիպիա:

Նոյնիսկ կարճ յիշողութիւն ունեցող արաբներուն համար պատկերը վհատեցուցիչ կերպով ծանօթ է. Արեւմտեան ուժերը կ՛օգնեն վերահսկելու համար քարիւղով եւ բնական կազով հարուստ երկիր մը:

Արեւմտեան ուժեր այլ վայրեր եւս ընտրովի միջամտած են. որոշ պատժամիջոցներ պարտադրուած են Սուրիոյ` ցուցարարներու դէմ բանեցուած վայրագ միջոցառումներուն համար, սակայն ձեռնածալ մնացած են Պահրէյնի պարագային, ուր եւս չափազանցուած ուժ կը կիրարկուի ցուցարարներու դէմ:

Արեւմուտքի աչքին Սուրիա անառակ պետութիւն է, ուր վարչակարգի փոփոխութիւնը կրնայ մաքուր ձեւով կոտրել իրանեան աղեղին ազդեցութիւնը, որ կը տարածուի Թեհրանէն դէպի հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ամրոցները:

Միւս կողմէ, Պահրէյն առանցքային արեւմտեան դաշնակից մըն է, որ կ՛ապահովէ, կը տրամադրէ նաւահանգիստ մը` Միացեալ Նահանգներու հինգերորդ նաւատորմին եւ օդանաւային խարիսխ մը` կղզիին հարաւային շրջանին մէջ:

Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական ծոցի բոլոր երկիրները, իրենց կարգին, կարիքը ունին արեւմտեան զօրակցութեան` ապահովելու համար քարիւղի արտածումը եւ պաշտպանութիւն` հիւլէական հզօր յաւակնութիւններ ունեցող Իրանի հաւանական վտանգէն:

Իրաքի մէջ իրանեան աճող ազդեցութիւնը եւս կը մտահոգէ Ծոցի երկիրները: Բայց Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին յառաջիկայ տարի աւելցնելու ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմին թիւը` բարձրացնելով 16,000-ի. բաւարար հարթակ մը, անշուշտ, ապահովելու համար արեւմտեան (եւ հետեւաբար` Ծոցի) շահերը:

Եգիպտոս նոյնպէս կ՛ակնկալէ պահպանել իր կապերը Միացեալ Նահանգներու հետ: Իսրայէլի հետ խաղաղութեան դաշինքը պատռելու վերաբերեալ հանրային կոչերը շատ հաւանաբար լռելեայն անտեսուին:

Որեւէ ապագայ ղեկավարութիւն, որ այսպիսի քայլ կ՛առնէ, պէտք է գտնէ անհրաժեշտ հիմնադրամը` փոխարինելու համար 2 միլիառ տոլարը, որ դրամագլուխէ զուրկ այդ երկիրը ամէն տարի կը ստանայ Միացեալ Նահանգներէն, իր զինեալ ուժերը դարձեալ դնելով պատերազմի յենակէտին վրայ:

Ապա, Եգիպտոսէն հիւսիս կը գտնուի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Կիպրոս կղզին, ուր բրիտանական գերիշխան խարիսխները կ՛ապահովեն, կը տրամադրեն ոստնակ մը արեւմտեան հաւանական միջամտութեան` Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ:

Շատ հաւանական է, որ բոլորն ալ արաբական նոր աշխարհին մէջ հինին նման ըլլան:

ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐԱԿԱՆ ՍՏՈՒԵՐՆԵՐ

Քարիւղի պարգեւած հարստութիւնը պատճառ չդարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի ազդեցութեան նուազումին:

Արեւմուտքի ազդեցութենէն հեռու մնալու ցանկութիւնը ունեցող շրջանի այս երկիրները դիմակայելու հիմնական խոչընդոտը շատ յստակ կերպով ընդգծուեցաւ Լիպիոյ տագնապներով. արաբները ձախողեցան ինքնուրոյն միջոցներ ձեռնարկելու:

 

Քարիւղի հսկայական հարստութիւնը չնուազեցուց Միջին Արեւելքի մէջ արեւմտեան ազդեցութիւնը:

Հակառակ միլիառաւոր տոլարներու հասնող նաւթային եկամուտներու եւ միլիառաւոր այլ գումարներու միջոցով ստացուած ռազմական արհեստագիտութեան եւ սարքերու, կարելի չէ եղած յաղթահարել երկու հիմնական մարտահրաւէրներ:

Առաջինը քաղաքական համակարգումի անկարելիութիւնն է: Միջարաբական վէճերը եւ մրցակցութիւնները պատճառ դարձած են, որ Արաբական լիկայի 22 անդամներէն իւրաքանչիւրը ընթանայ տարբեր ուղղութեամբ, փոխանակ կեդրոնանալու միացեալ աշխատանքի, դատի մը վրայ:

Երկրորդ մարտահրաւէրը տեղական ճարտարարուեստներ զարգացնելն է, փոխանակ ապաւինելու արտասահմանեանին:

Ըստ ՄԱԿ-ի արաբական բարգաւաճման յաջորդական տեղեկագիրներուն, յաճախ արհեսագիտութիւնները, հումբ նիւթերը, այլ ոչ թէ մասնագիտութիւնը, հմտութիւնը ներածուած են. «քիչ բացառութիւններով, արաբական առանձին երկիրներու փորձառութիւնը նորարարական արհեստագիտութեան, կառավարման եւ յարմարեցման փոխանցումի հոլովոյթին,  անբաւարար եղած է»:

Արաբական գարնան լոյսին տակ իշխանութիւնը ստանձնող կառավարութիւնները անհրաժեշտ է, որ կեդրոնանան կրթութեան մակարդակի չափանիշներու բարձրացումին վրայ` հմուտ վկայեալներու աշխատանքի առիթներ հայթայթելով, այդպիսով հնարաւորութիւն ընձեռելով երկիրներուն, որպէսզի կանգնին իրենց ոտքերուն վրայ:

Հակառակ պարագային, նախկին գաղութարար ուժերուն եւ անոնց դաշնակիցներուն ստուերները յառաջիկայ տասնամեակներուն կ՛իյնան ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ:

 

Նախորդը

ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ. Ի՞ՆՉ ԿԱՊ ՈՒՆԻ ԱՅՍՏԵՂ ՀՅԴ-Ն` ՈՐՊԷՍ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆՈՐ ԴԵՐԸ` ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՈՂ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.