Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին քարոզելով շեշտեց, որ խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած է հակառակ ժողովուրդի կամքին` կոչ ուղղելով Սահմանադրական խորհուրդին այդ որոշումին վիճարկումին գծով արդար լուծումով մը դուրս գալու:
Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ երկրին մէջ ընտրական օրէնք մը մշակելու քայլերը շարունակուին:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին կազմելու կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ կառավարութեան մաս կազմել փափաքող քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է յարգեն սահմանադրութիւնը եւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:


