Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որոնք Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարով մեկնած էին Թուրքիա, վերադարձան Լիբանան:
Շարպել եւ Իպրահիմ Թուրքիոյ մէջ շինիչ բանակցութիւններ կատարեցին թուրք եւ քաթարցի պատասխանատուներու հետ` առեւանգուած ինը լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով:
Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն մօտ Շիի գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ չարձակելու տրամադրութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ անոնց հարազատները գետնի վրայ մագլցողական քայլերու դիմեն:


