Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հիմնական պատճառը երկրին ապահովական ապակայունութիւնն է` յայտնելով միաժամանակ, որ նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող անյաղթահարելի դժուարութիւնները եւ տիրող արտակարգ պայմանները, իրենք ընդունած են այդ ընտրանքը:
Ֆայեատ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը հասկնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքը, սակայն անիկա պատճառ պիտի չդառնայ երկուքին միջեւ յարաբերութիւններուն խզումին:


