Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի Նիստ

May 31, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի երրորդ նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ողջունելով յանձնաժողովի անդամները` նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց, որ նիստերուն միջեւ ժամանակահատուածին մէջ յանձնաժողովը ոչ մէկ օր կանգ կ՛առնէ` իրականացնելով իր առջեւ դրուած խնդիրները: Հայաստանի նախագահը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուց վերջերս Գերմանիոյ մէջ բնակող երիտասարդ թուրքի մը հետ իր նամակագրութեան մասին եւ ընդգծեց, թէ ինչո՞ւ այդպէս մանրամասն կանգ կ՛առնէ այդ նամակագրութեան վրայ: «Մեհմետ Հաքան Եայլը` 30-ամեայ երիտասարդ մը, որ ինծի նամակ ուղարկած էր, մասնաւորաբար այդ նամակին մէջ կը նշէ. «Իմ մանկութիւնս անցուցած եմ Պոլսոյ մէջ, ուր կը բնակին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ: Ես բազմաթիւ հայ ընկերներ ունէի, սակայն հասուննալով սկսայ աւելի շատ զգալ, որ մարդիկ, չեմ գիտեր ինչու, հայերուն նկատմամբ անհիմն թշնամանք կը տածեն: Կեանքիս ամբողջ ընթացքին անոր ընդհանրապէս կարեւորութիւն չեմ տուած, միայն տանջուած եմ, որովհետեւ իմ ծանօթ ամէնէն լաւ ընկերներս հայեր էին: Այժմ ես Գերմանիա կ՛ապրիմ: Կ՛ըսեն, որ ամէնէն լաւ միջոցը ամէն ինչին դուրսէն նայիլն է, եւ իրապէս այդպէս է: Մարդը կրնայ առարկայական ըլլալ», յայտնեց թուրք երիտասարդը, որ կը պատրաստուի ամառնային արձակուրդը Հայաստան անցընել:

«Ես կը ցանկամ այնպիսի մնայուն բարեկամութիւն, որ փոխադարձաբար ներուին պատմութեան ընթացքին կատարուած սխալները եւ ատիկա մարդոց ապագային վրայ աւելի խաղաղ ազդեցութիւն պիտի ունենայ», թուրք երիտասարդի նամակը ներկաներուն համար ընթերցեց նախագահը եւ տեղեկացուց, որ ինք պատասխանած է այդ նամակին եւ մէջբերելով հատուած մը ըսաւ. «Ինծի լոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ այն հանգամանքը, որ այսօր կ՛աճի թուրք երիտասարդներու սերունդ մը, որուն յառաջադէմ հատուածը կաշկանդուած չէ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տասնամեակներ շարունակուող քաղաքականութեամբ: Ճիշդ այդ սերունդն է, որ հարցականի տակ կը դնէ այդ քաղաքականութեան արժանահաւատութիւնը, եւ ամէնէն գլխաւորը, պատրաստ է դէմ յանդիման գալ սեփական պատմութեան հետ, ընդունիլ նախնիներու սխալները եւ բաց ու կառուցողական քննարկումներու միջոցով հաշտեցման հասնիլ»:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ իր պատասխանին համաձայնութիւն յայտնած է ներելու կարեւորութեան մասին թուրք երիտասարդին դիտարկումին` միաժամանակ նշելով, որ ներելու համար անհրաժեշտ է, որ այդ ներումը հայցուի, արարքները ընդունուին: «Այո՛, հայ ժողովուրդը, համոզուած եմ, որ նաեւ թուրք ժողովուրդը կը ցանկան ապրիլ խաղաղ եւ արժանապատիւ կեանքով: Հաւատացած եմ, որ օր մը այդ ցանկութիւնը պիտի առարկայանայ եւ յոյսով եմ, որ թուրք երիտասարդներու աճող յառաջադէմ նոր սերունդը պիտի դառնայ այս գործի ճարտարապետը:

«Ինչո՞ւ այսպէս մանրամասն կ՛անդրադառնամ այս նամակագրութեան: Նկատած եմ ու կը շարունակեմ նկատել, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր ու կարելի է այսօր, թերեւս ճիշդ 100-ամեակի շրջագիծին մէջ: Այս առումով մենք անշուշտ մեծ գործ ունինք կատարելիք: Մենք կրնանք Թուրքիոյ հասարակութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ միասին հասնիլ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հանգրուան, մենք կրնանք օգնել անոնց գտնելու անցեալի բեռէն ազատելու ճամբան ու ըլլալու իրենց կողքին այդ շատ դժուար հոլովոյթին մէջ:

«Կը կարծեմ, որ ասիկա շատ կարեւոր ուղղութիւն է մեր յանձնաժողովի աշխատանքներուն մէջ եւ մենք առանձնակի ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք այդ հանգամանքին վրայ: Կը կարծեմ, որ ոեւէ մէկը ինծի միամիտի տեղ չի դներ: Կը կարծեմ, որ ոեւէ մէկը չի կարծեր, որ ես մեծ յոյս ու հաւատք ունիմ աւելի եւս թուրք իշխանութիւններուն նկատմամբ: Բայց այս ուղղութեամբ ես աշխատանքները մշտապէս կարեւոր նկատած եմ, կարեւոր կը նկատեմ եւ կարեւոր պիտի նկատեմ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամները քննարկեցին նախորդ նիստէն ետք մինչեւ այսօր տարբեր ուղղութիւններով իրականացուած եւ ընթացիկ կազմակերպչական ու բովանդակային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հետագայ աշխատանքները: Որոշուեցաւ յանձնաժողովի յաջորդ նիստը գումարել մայիս 2014-ին, Երեւանի մէջ` այդ ընթացքին աշխատանքային խումբերու շրջագիծին մէջ շարունակելով աշխուժ աշխատանքը:

Յայտնենք, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Հոգաբարձուներու
Խորհուրդի Նիստ

Երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը, զոր վարեց խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահը ողջունեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 22-րդ նիստի մասնակիցները եւ ընդգծեց, որ ինչպէս նախորդ նիստերը, այս նիստը եւս պիտի կրէ աշխատանքային բնոյթ, որոշումներ պիտի տրուին ոչ միայն հիմնադրամի գործունէութեան սահուն ընթացքը ապահովելու, այլեւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի առջեւ դրուած խնդիրներուն արդիւնաւէտ արձագանգելու նպատակադրումով:

Նախքան օրակարգի հարցերուն անցնիլը, նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ  նշեց, որ Հայաստանի մէջ վերջին տարին յագեցած եւ ընտրական էր, խորհրդարանական, նախագահական, այնուհետեւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները հրաշալի առիթ դարձան առկայ բոլոր խնդիրները բարձրացնելու, հրապարակային քննարկելու եւ լուծումներու հաւանական ամբողջ բազմազանութիւնը դիտարկելու համար:

Ըստ նախագահին, տակաւին չկայ որեւէ ծանրակշիռ հարց` ազգային, հասարակական, ընկերային-տնտեսական կամ այլ մարզի, որուն վերաբերեալ առկայ դիրքորոշումները այդ ընթացքին արտայայտուած եւ քննութեան չեն ենթարկուած: Հայաստանի նախագահը բնական նկատեց, որ անոնք մեր հասարակութեան մէջ ձեւաւորած են նաեւ մեծ սպասումներ, որոնք այդ հարցերուն պատասխանատուները պարտաւոր են արդարացնել:

«Կը կարծեմ, որ յառաջիկայ տարիներուն ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն, այլեւ ամբողջ հայութեան համար պէտք է ըլլան տքնաջան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի տարիներ: Կը կարծեմ, որ լուրջ արդիւնքներ արձանագրելու համար ունինք բոլոր անհրաժեշտ հիմքերը, իսկ ընտրութիւններու բացակայութիւնը յառաջիկայ տարիներուն պիտի ծառայէ իբրեւ շատ լաւ առիթ քիչ խօսելու եւ շատ աշխատելու համար: Անշուշտ, կը շարունակուին բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ մնալ նաեւ սփիւռքի խնդիրները, բայց այս օրերուն Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան վիճակը բոլորիս համար տակաւին կը մնայ իբրեւ բաց վէրք: Մենք թէ՛ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ իբրեւ հայ ժողովուրդ կ՛աջակցինք եւ պիտի աջակցինք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, անկախ անկէ, որ անոնք եկած են Հայաստան, թէ մնացած են Սուրիոյ մէջ: Համահայկական ոչ մէկ կառոյց այնքան ամբողջական կերպով չ՛արտացոլեր աշխարհի հայութեան ձգտումները եւ կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, որքան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Ուրեմն` մենք շատ գործ ունինք ընելիք եւ այսքանով բոլորիդ կը հրաւիրենք աշխատելու», յայտնեց Սերժ Սարգսեան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Բրիտանիոյ Չարլզ Իշխանին Հետ

Յաջորդը

Նալբանդեան Ընդունեց Ֆրանսացի Խորհրդարանականներ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։