Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Նիւթով Խորհրդաժողով` Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

May 31, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 մայիս 2013-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իրականացաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն` ազգերու հաշտեցման կամուրջ» խորհրդաժողովը, համակազմակերպութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին: Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Անտրէաս Փիցիլիտիս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն): Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն պատուիրակութիւն մը, որ Պրիւքսէլ կը գտնուէր Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին մասնակցելու համար:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Թէոխարուսի օգնական Մերի Փանուսի, որ կարեւոր նկատեց ձեռնարկը, յատկապէս անոր խորհուրդը: Ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց Էլենի Թէոխարուս, որ կեդրոնացաւ հաշտեցման վրայ եւ շեշտեց, որ հայերուն դէմ մարդոց կողմէ` մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, որ իրագործուած է, եւ թէ նման ոճիրները պէտք է ապագային կանխարգիլել կրկնուելէ` իսկական եւ իրաւական պայմաններու վրայ հիմնուելով, այլ ո՛չ թէ անցեալը մոռացութեան մատնելով` կեղծ հաշտութեան սիրոյն: Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի թագաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աւետ Ատոնց նշեց, որ հայ ժողովուրդին պայքարը համամարդկային է, ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու նպատակ ունի: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անցեալին չի պատկանիր եւ տակաւին կը շարունակուի մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

Խորհրդաժողովին կեդրոնական պատգամաբերն էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքի նախագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ, որ յատկապէս ըսաւ, թէ Ֆրանսան պէտք է վաւերացնէ Եւրոպական Միութեան որոշում-շրջանակը, որով կը պահանջուի պայքարիլ օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լուվեն լա Նէօվ համալսարանի դասախօս, պատմագէտ փրոֆեսէօր Պեռնար Քուլի, որ պատմական ակնարկ նետեց` անդրադառնալով Օսմանեան կայսրութեան փոքրամասնութիւնները հալածանքի ենթարկելու քաղաքականութեան` նշելով, որ զոհն ու ոճրագործը չեն կրնար մոռնալ անցեալը: Ֆրանսայի հայ իրաւաբաններու եւ դատաւորներու միութեան անդամ, իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման իրաւական հիմքերուն` նշելով, որ ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին քայլն է:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, որ թուականը նկատի առնելով, պէտք է շնորհաւորել ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, նշելով այն օրերու նուաճումները` մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարական հասկացողութեան եւ ըմբռնումներու, հասարակական կառավարման յառաջդիմական քաղաքականութեան, կիներու ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքի, կրթական համակարգին մէջ: Իսկ անդրադառնալով խորհրդաժողովին օրակարգին շեշտեց, որ Թուրքիան օրուան պատշաճ պատգամը պիտի ստանայ բանախօսներէն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ հատուցումով միայն կարելի է շրջանին մէջ կառուցել հաշտութեան կամուրջը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան, որ ողջունեց նման խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ եւ նշեց, որ միայն ճանաչումով եւ հատուցումով իսկական հաշտութիւն գոյութիւն կրնայ ունենալ երկու երկիրներուն միջեւ եւ շրջանին մէջ:

Խորհրդաժողովին աւարտէն առաջ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու պատգամաբերներուն:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Երկարաձգէ Իր Պաշտօնավարութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Բրիտանիոյ Չարլզ Իշխանին Հետ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։