Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՇԻՊԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ՆԱՄԱԿԸ

May 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շիպանի Ահմատինեժատի նամակը կը յանձնէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Մոհամետ Ռիտա Շիպանին, որ

նախագահ Սլէյմանին յանձնեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յղած նամակը, որուն մէջ վերջինս նախագահ Սլէյմանը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ միջազգային խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25-26 յունիսին` Թեհրանի մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դէմ ժողովրդային շարժումները, որոնց ծիրին մէջ Շիպանի հաստատեց, որ Իրան կատարելապէս կը զօրակցի Լիբանանին:

Շիպանի մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շուտով կարելի ըլլայ կազմել` շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ լիբանանցիներուն ծառայելու նպատակով:

Շիպանի այցելեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շիպանի յայտնեց, որ Թեհրան մնայուն կերպով կը զօրակցի լիբանանեան միասնականութեան` շեշտելով, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանցիներուն վերաբերող հարց մըն է, սակայն Իրանի սկզբունքային կեցուածքը այն է, որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛օժանդակէ, որ Լիբանան շրջանցէ իր դիմագրաւած քաղաքական տագնապի հանգրուանը:

Շիպանի այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի, որուն հետ քննարկեց շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Լահուտ եւ Շիպանի համակարծիք էին, որ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը կը միտի Դամասկոսը պատժել Դիմադրութեան շարժումներուն կառչած մնալու անոր կեցուածքներուն համար:

Յետմիջօրէին Շիպանի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Շիպանի վերահաստատեց, որ Իրան պատրաստ է զօրակցելու Լիբանանի, որպէսզի ան շրջանցէ իր դիմագրաւած այս տագնապալի հանգրուանը:

Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր կատարած այցելութիւնը ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի այցելութեան հետ:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Յաջորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՃՇԴՈՒԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԻՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՖԵԼԹՄԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.