«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 16 մայիսին Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Կազա իր այցելութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ յունիսին: «Կը հաւատամ, որ Կազա այցելութիւնս մեծապէս պիտի նպաստէ Պաղեստինի դաշինքին եւ (շրջանային) խաղաղութեան», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կողմէ պաղեստինեան միայն մէկ հատուածի աջակցութիւնը բացառուած է: «Պաղեստինեան խաղաղութեան նպաստելուն շատ կարեւորութիւն կ՛ընծայեմ», ընդգծած է ան:
Օպամա շեշտած է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ ատիկա պիտի նպաստէ միջինարեւելեան տագնապի երկու պետութեանց սկզբունքի հիման վրայ լուծման: Էրտողան իր կարգին յայտնած է, որ «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ 8 թուրքերու եւ մէկ թուրք-ամերիկացիի սպանութեան համար փոխհատուցման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Էրտողան նախապէս ըսած էր, որ ապրիլին Կազա պիտի այցելէ, ապա յայտնած էր, որ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութենէն ետք: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի անցեալ ամիս Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին Էրտողանը յորդորած էր յետաձգելու իր Կազա այցելութիւնը:
Միւս կողմէ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ «եթէ պաղեստինեան ազգային հաշտութիւն ապահովուի, կրնանք Էրտողանի հետ Կազա այցելել»:
Ապպաս Գահիրէի մէջ եգիպտացի լրագրողներու յայտնեց, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ խօսեցայ: Եթէ պաղեստինեան ազգային հաշտութիւնը ապահովուի, ապա կրնանք Էրտողանի հետ Կազա երթալ»: Ան ընդգծեց, որ չ՛ընդունիր «զօրակցութեան» նպատակով Կազա այցելութիւնները, մինչ Համասի եւ Ֆաթհի միջեւ խզում մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ «ներկայ այցելութիւնները պաղեստինեան հարցին չեն նպաստեր»:


