Հ. Մ.
Լիբանանահայ փոքր ածուն, հակառակ տարածաշրջանէ ներս փչող «Արաբական գարնան», որուն պատճառով եւ հետեւանքով երբ զգալիօրէն կը տիրէ անորոշութեան, տնտեսական գահավիժման ու մերթ ալ փչող ազգաքանդ քամիներու սպառնալիք, եւ որոնք վճռած են միաժամանակ փոքր ազգերու ու ժողովուրդներու մէջ հարուածելու` ինքնութիւն, մշակոյթ, պատկանելութիւն ու դիմագիծ, զարմանալիօրէն մեր գաղութը կը շարունակէ դիմադրել եւ դէմ դնել ազգաքանդ քամիներուն, փաստելով միաժամանակ, թէ սփիւռքի ողնասիւնը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ իր երբեմնի կենսունակութիւնը, որուն մէջ մեծ է դերը անկասկած լիբանանահայ բոլոր միութիւններուն, վարժարաններուն, մամուլին, անհատ արուեստագէտներուն եւ արթուն գրիչներուն, որոնք մեր ածուն կ՛ողողեն նոր-նոր ձեռնարկներով, նոյնիսկ տեղ մը խաչաձեւելով զիրար… Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ:
Արդարեւ, նմանօրինակ հաճելի առիթ մըն էր հինգշաբթի, 9 մայիս 2013-ի երեկոյեան տեղի ունեցած գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի անձնական ցուցահանդէսը, որ կայացաւ Էշրեֆիէի «Էքսոտ» պատկերասրահին մէջ, որուն ներկայ էին հայ թէ օտար երեւելի անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, գրողներ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը:
Ներկայ ըլլալէ ետք Լենա Այտընեանի «Աութպրստ իմոշընզ», կամ` «Վրդովմունքներու պայթիւն» խորագիր ցուցահանդէսին, առաջին հերթին փափաքեցայ կատարել լուրջ բաղդատական մը անոր անցնող երկու անձնական ցուցահանդէսներուն եւ այսօրուան ներկայացուցածին միջեւ` անվարանօրէն ընդգծելով անոր ունեցած յառաջխաղացքը արուեստի այս նուրբ բնագաւառէն ներս, ուր զգալի է արուեստագիտուհիին վարպետօրէն օգտագործած վրձինի հարուածներուն ժպտացող արդիւնքը, երբ հրամցուած պաստառներու մէջ զգալիօրէն եւ յստակօրէն կը նշմարուին Այտընեան գեղանկարիչին բանաստեղծական երեւակայութեան ուժը եւ Այտընեանի երաժիշտական մեղեդիին թռչող խազը, որոնք արդիւնք են արուեստի նկատմամբ անոր ունեցած կամքին, շարունակական աշխատանքին եւ անոր վրձինէն արցունքի պէս կաթկթող քրտինքի կաթիլներուն … որոնք առած են գեղակերտ մարմին, թռչող հոգի եւ հեզութեամբ հանգչած` շրջանակներու մէջ, սպասելով այցելուի գաղջ մտերմութեան:
Տեղադրուած եւ ցուցադրութեան դրուած 33 անուն իւղաներկ նկարներու մէջ, ուր կային նաեւ «սեւ ու ճերմակ» քանի մը նմուշներ, զգալի էին պաստառներուն մէջ երանգներու սուր, բայց իրարու հետ ունեցած համերաշխ մրցակցութիւնը, ուր նշմարելի էին արուեստագիտուհիի ներաշխարհին արձագանգը հանդիսացող անանձնական իւրայատկութիւն, ինքնապատկան ոճ, ոչ ոքի նմանելու բացառիկ ճիգ, երեւոյթ մը, որ կ՛ակնկալուի բնականաբար բոլոր արուեստագէտ արուեստագիտուհիներէն, ուր գոյներու ներդաշնակութեան մէջ գեղանկարչուհին իր սեփական ակնոցով կը դիտէ աշխարհը, ծաղկող ու աճող խայտաբղէտ բնութիւնը, բնութեան հրաշագործ ու երկնահաս ուժը, լեզու առած ու պայքարող շրջապատը, եւ վերջապէս, կեանքը իմաստաւորող ու զարդարող ՄԱՐԴԸ, որ կը ներշնչէ կեանք ու գոյութիւն` մե՛րթ տխրելով, մե՛րթ լալով եւ մե՛րթ խնդալով, բայց միշտ պայքարելով` հասնելու համար բարիին, ազնիւին ու գեղեցիկին, եւ` ակնկալուած կատարեալին:
Այտընեան գեղանկարիչը աշխարհը դիտելու եւ կողմնորոշուելու մասնաւոր կողմնացոյց մը ունի եւ կը փափաքի մարմին տալ իր զգացումներուն, նախ դիտելու համար այրող ու հրդեհուած` հորիզոնը, եւ ապա հորիզոնը մերձեցնելու համար իր սրտին, որմէ ետք հոգիի աչքերով ժպտելու համար աշխարհի վերիվայրումներուն, իւրաքանչիւր պաստառի մէջ տեղադրած ըլլալով «թաքուն պատկեր», «անվերջանալի հեքիաթ», «թէժ ու խօլական վազք», «անթափանց երեւակայութիւն»… եւ անշուշտ` այս բոլորը դիտող խոր աչքեր, բացայայտող միտք եւ տառապանքի պատուհանէն կեանքի հոլովոյթին վրայ խնդացող տրամադրութիւն, որ շրջանակուած «կարմիր, կանաչ, կապոյտ ու մանիշակագոյն» ամպերու կոյտերէն անդին, կը նայի հեռու ու անյայտ ապագային` զայն յաղթահարելու լուրջ մտադրութեամբ:
Հազիւ քանի մի օր հեռացած, բայց միշտ մնալով ապրիլեան տրամադրութիւններու մէջ, կրնանք անվարանօրէն ըսել, որ Լենա Այտընեանի «Վրդովմունքներու պայթիւնը» կարելի է որակել մեր ոսոխի երեսին նետուած ձեռնոց, որ ցոյց կու տայ ապրելու ու գոյատեւելու անոր զօրաւոր կամքը, կեանքը շարունակելու վճռական ու հաստատ որոշումը, որ գարնան մէջ, գարնանային պիտակով կը ներկայանայ արուեստասէր հասարակութեան, հեզ, բայց խիզախ տրամադրութեամբ, քայլ առ քայլ յառաջանալով դէպի արուեստի դժուար կատարը, նախանձելին եւ բծախնդիրը, մեղմօրէն յուշելով անոր գեղարուեստի բնագաւառէն ներս մատնահետք ձգելու արդար իրաւունքը:
Բարի ճանապարհ` գեղանկարչուհի Լենա Այտընեանին, փափաքելով, որ ան հասնի իր անկատար տենչերուն եւ արձանագրէ նոր-նոր յաջողութիւններ ու յաղթանակներ` հարստացնելու համար մեր փոքրիկ ածուն:

