Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Ներսէս Արք. Մելիք-Թանգեան (1866-1948) Գ.

May 20, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Այս տարի կը լրանայ Մելիք-Թանգեան սրբազանին վախճանման 65-րդ տարին: Ան Ատրպատականի թեմին առաջնորդի պաշտօնը վարեց ամբողջ 35 տարի, 1913-էն մինչեւ իր վերջին շունչը, փոթորկոտ ու շատ դժուարին պայմաններու մէջ:

Իրանաբնակ վանեցի բանասէր ու պատմագիր Հայկ Աճէմեան (1898-1965) Թէոդիկի 1925-ի Տարեցոյցին մէջ կենսագրական տուեալներ փոխանցած է մեզի Մելիք-Թանգեան սրբազանին մասին: Նոյն յօդուածը, աւելի ընդարձակուած ու վերամշակեալ ձեւով լոյս տեսած է երկու տասնամեակ յետոյ ալ` Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Հայրենիք» տարեգիրքին 1945-ի թիւին մէջ (Պոսթըն):

Ուղեցոյց ունիմ, առաւելաբար, ա՛յդ կենսագրականը:

Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեան, աւազանի անունով Նիկողայոս, ծնած է Սիւնեաց Աշխարհի Բռնակոթ գիւղը, իբրեւ շառաւիղներէն մին Սիսիան գաւառի քաջակորով իշխան Մելիք-Թանգիի, որուն գլխաւորի հանգամանքը ճանչցուած էր թէ՛ պարսից, թէ՛ ալ հետագային ռուսաց պետութիւններուն կողմէ: Նիկողայոս թոռն էր Մելիք-Թանգիի:

Իր ծնունդէն հինգ տարի ետք` 1871-ին, նոյն Բռնակոթ գիւղին մէջ իր աչքերը լոյսին պիտի բանար ուրիշ պատկառելի անուն մըն ալ` ապագայ հայագէտ, պատմաբան ու բանասէր փրոֆ. Նիկողայոս Ադոնց:

Տասը տարեկանին է միայն, որ ան իր գիւղին դպրոցը կը դրուի` տարրական ուսում մը ստանալու համար: Յաջորդ տարի` 1877-ին, Նիկողայոս Ս. Էջմիածին կը տարուի  եւ սան կ՛արձանագրուի Գէորգեան Ճեմարանին: Այստեղ իր ուսումնառութիւնը կը տեւէ լման տասը տարի, երբ ան շրջանաւարտ կ՛ըլլայ 1886-ին, քսան տարեկանին:

Գէորգեան Ճեմարանի շրջանաւարտներուն մեծամասնութեան նման` երիտասարդ Նիկողայոս Մելիք-Թանգեան եւս շուտով կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ: Տասը տարի ան իր ուսին կ՛առնէ կրթական մշակի քղամիդը եւ յաջորդաբար կը պաշտօնավարէ ծննդավայր Բռնակոթ գիւղին (1886-88), Շուշիի թեմական դպրոցին (1888-93) եւ Պաքուի Հայոց մարդասիրական ընկերութեան վարժարանին մէջ (1893-96):

Երբ ցարական կառավարութիւնը բռնի ռուսացումի քաղաքականութիւն մը որդեգրելով 1896-ին կը վճռէ փակել Կովկասի հայկական դպրոցներն ու մշակութային հաստատութիւնները, Նիկողայոս ակամայ կը լքէ կրթական ասպարէզը ու ատոր փոխարէն կ՛որոշէ բարձրագոյն ուսում ստանալ: 31 տարեկան էր, բայց ուսման տենչը հանգիստ չէր թողուր զինք: Բախտը կը ժպտի իրեն: Կովկասահայ մեծահարուստ բարերարի մը յատկացուցած թոշակով ան կը մեկնի Ռուսիա ու Սենթ Փեթերսպուրկի համալսարանին իրաւաբանական ամպիոնին ուսանող կը դառնայ: Կը վկայուի հոնկէ 1900-ին եւ ուղղակի վերադարձ կը կատարէ Ս. Էջմիածին, այս անգամ յագուրդ տալու համար իր կուրծքին տակ խլրտացող հոգեւորականի կոչումին ու այդ ճամբով` որոշելով ծառայել հայ եկեղեցիին ու ազգին:

20-րդ դարը նոր կը բացուէր ու կարծէք իրե՛ն համար եւս կը բացուէր կեանքի բորորովին նոր ձեւ մը, նոր ճանապարհ մը, որ պիտի երկարէր շուրջ կէս դար:

Արդարեւ, Մայր Աթոռի մէջ Խրիմեան Հայրիկի գահակալութեան շրջանն էր ատիկա, երբ 1900-ին Նիկողայոս կը ձեռնադրուէր սարկաւագ: Յաջորդ տարի ալ ան կ՛ընդունէր կուսակրօնութեան խորհրդանիշ սրածայր վեղարը ու կը վերակոչուէր Ներսէս աբեղայ:

Նորընծայ հոգեւորականը Խրիմեան Հայրիկի կողմէ շուտով կը ղրկուի իր իսկ պապենական բնօրրանը` Սիւնիք ու կը նշանակուի Տաթեւի վանքին վանահայր եւ Զանգեզուրի առաջնորդական փոխանորդ: Այստեղ ան ցոյց կու տայ արտակարգ եռանդ մը` դպրոց ու գրադարան բանալով, կատարելով վերաշինութիւններ եւ բարեզարդումներ, կանոնաւորելով վանքին տնտեսութիւնը:

Վրայ կը հասնի 1903-ի յունիսը, երբ Նիկոլա Բ.ի հրամանագիրով (ու Կովկասի փոխարքայ իշխան Կալիցինի եւ ներքին գործոց նախարար տխրահռչակ Փլեւէի  դրդումով) ցարական կառավարութիւնը այս անգամ ալ կ՛որոշէ բռնագրաւել ռուսահայութեան եկեղեցապատկան կալուածներն ու շարժական հարստութիւնները…: Հակահայ այս նորահնար հրամանին դիմաց` բողոքի եւ ընդվզումի բուռն ալիք մը կ՛ալեկոծէ հայաբնակ բոլոր քաղաքները, Թիֆլիսէն ու Ալեքսանդրապոլէն սկսեալ մինչեւ Նոր Նախիջեւան ու Պոլիս: Փրկարար հակազդեցութիւնը անմիջական կ՛ըլլայ: Նոյնիսկ ռուսախօս դարձած հայ քաղքենի դասակարգին մէջ ազգային շարժում մը կը սկսի ծաւալիլ ու դէպի մայրենի լեզու վերադարձ մը ծայր կու տայ: Կը ստեղծուի աննախադէպ միասնութիւն մը, որուն յենած` ծերունազարդ Խրիմեան կաթողիկոս վանական ու դպրոցական վարչութիւններուն կը հրամայէ ո՛չ մէկ բան յանձնել կառավարութեան, այլ թողուլ, որ ան միայն բռնութեամբ ստանայ իր ուզածը:

Այդպէս ալ կ՛ըլլայ ամէն կողմ: Նոյն ատեն, Տաթեւի վանքին կալուածները գրաւել փորձող ռուս եւ այլազգի ոստիկանները կը հանդիպին վանահայր Ներսէս վարդապետին դիմադրութեան…:

Կարճ ժամանակ անց, փշրելու համար ռուսացման քաղաքականութեան դէմ հայոց դիմադրութիւնը, ցարական պետութիւնը այս անգամ ալ կը հրահրէ հայ-թաթարական ընդհարումները` Կովկասի հայաբնակ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, առաջնորդուելով «բաժնէ, որ տիրես»-ի հնօրեայ սկզբունքով: Թաթար մոլեռանդ հորդաներ, զինուած ուղղակի ռուսական իշխանութիւններէ, 1905 փետրուարին յարձակման կ՛անցնին հայոց դէմ, սկսելով Պաքուէն:

Ամիսներ շարունակ, ջարդեր ու սպանդներ կը սարքուին հոս ու հոն, սակայն հայոց ցուցաբերած կորովի դիմադրութիւնը անակնկալի կը բերէ սադրիչները…: Արմէն Գարօ` Թիֆլիսի մէջ, Նիկոլ Դուման` Պաքուի, Դրօ եւ Խէչօ` Երեւանի, Իսօ Կորիւն, Քեռի եւ Սեբաստացի Մուրատ` Զանգեզուրի, Խանասորի Վարդան` Շուշիի մէջ, կը գլխաւորեն դիմադրութիւնը եւ արիւնալի փոխադարձութիւններու կը դիմեն: Հայկական վրիժառու գնդակով կը սպաննուի Պաքուի հայատեաց նահանգապետ Նակաշիձէն:

Տագնապալի այդ օրերուն, Ներսէս վրդ. բանիւ եւ գործով կը կանգնի դիմադրականներու կողքին, կ՛օժանդակէ անոնց: Յեղափոխական գործիչի մը նման կը շրջի գիւղէ գիւղ եւ ինքնապաշտպանութեան հրաւէրներ կը կարդայ. պարագայ մը, որ չի վրիպիր ցարական վարչակարգի ուշադրութենէն:

Խրիմեան Հայրիկ, հեռացնելու համար զինք ոստիկանութեան հետապնդումներէն, 1906-ի գարնան Ս. Էջմիածին կը կանչէ ու Մայր Աթոռի դիւանապետ կը կարգէ: Պետութիւնը հաշտ աչքով չի նայիր այս նշանակումին եւս: Ի հետեւումն, 1907-ի ամրան Մելիք-Թանգեան վրդ. կ՛աքսորուի Խրիմ, տեղւոյն Ս. Խաչ վանքը:

Իզմիրլեան Մատթէոս կաթողիկոս իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, 1909-ի աշնան, կը յաջողի յատուկ միջնորդութեամբ Ներսէս վրդ.ը Էջմիածին վերադարձնել ու զայն նշանակել Վանական կառավարութեան նախագահ: Այս պաշտօնին վրայ ան կը մնայ երեք տարի, մինչեւ որ 1913-ին կ՛ընտրուի Ատրպատականի թեմին առաջնորդ ու կու գայ հաստատուիլ Թաւրիզ` յաջորդելով ուրիշ արժէքաւոր եկեղեցականի մը` Կարապետ եպս. Տէր Մկրտիչեանին:

Այս պաշտօնը պիտի դառնար իր հոգեւորականի շուրջ կէս դարու կեանքին ամէնէն ուշագրաւ եւ բեղուն շրջանը: Իր անունը անքակտելիօրէն պիտի կապուէր Ատրպատականի նորագոյն պատմութեան, եւ թէ` արդա՛րօրէն:

Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսը 1914 սեպտեմբերին զինքը կը ձեռնադրէր եպիսկոպոս:

Շուտով սակայն, կը պայթէր Ա. Աշխարհամարտը ու հայութեան համար կը սկսէր Գողգոթայի նոր ճանապարհ մը…: Ռուս-թրքական պատերազմը մէկ կողմէ, արեւմտահայութեան Մեծ Եղեռնն ու տեղահանութիւնը միւս կողմէ, ահաւոր վիճակ մը կը ստեղծեն: Ատրպատականի նահանգը սահմանային գօտի ըլլալուն` անմիջականօրէն ու մեծապէս կ՛ազդուի իրադարձութիւններէն:

Պատերազմի ընդհանուր թոհ ու բոհին մէջ, բռնաբարելով Պարսկաստանի չէզոքութիւնը` թուրք եւ քիւրտ մեծաթիւ հրոսախումբեր կը ներխուժեն Ատրպատականի սահմանամերձ գաւառները: Տեղւոյն հայութեան համար կը ստեղծուի օրհասական գոյավիճակ մը: 1914 դեկտեմբերին, պատմութեան մէջ ո՜վ գիտէ քաներորդ անգամ ըլլալով` Սալմաստի, Ուրմիոյ, Խոյի եւ Մակուի հայութիւնը կը ստիպուի թողուլ իր տունն ու հողը ու մազապուրծ փախչիլ դէպի Կովկասի սահման: Կարեւոր մաս մըն ալ կ՛ապաստանի Թաւրիզ: Տնտնացողները զոհ կ՛երթան զանգուածային կոտորածներու:

Ձմրան խստաշունչ եղանակը, սնունդի պակասը, տեղափոխութեան դժուարութիւնները եւ արշաւող հորդաներու սարսափը` գաղթականները կը մատնեն ահաւոր թշուառութեան: Ահա այս օրերուն, Ներսէս եպս. գաղթական իր հօտին մէջ կը յայտնուի իբրեւ «պահապան հրեշտակ» մը, թէ՛ բաժնեկից ըլլալով անոր տառապանքին, թէ՛ ալ տաք հագուստ, սննդեղէն ու դրամ ապահովելով անոնց:

Կարճ ժամանակ անց, երբ անմիջական վտանգին հեռացումով` գաղթական բազմութիւնները տուն կը վերադառնան, Ատրպատականի մէջ Ներսէս եպս. կը հաստատէ խնամատարական հիմնարկութիւններ (հիւանդանոց, ճաշարան եւ այլն) ու անձամբ կը կառավարէ զանոնք:

1915 յուլիսին վրայ կը հասնի Վասպուրականի հայութեան կորստաբեր մեծ գաղթը` ռուսական զօրքերու անսպասելի նահանջէն ետք (ռուս բանակն ու հայ կամաւորական գունդերը Վան մտեր էին նոյն տարուան Մայիսին): Խելակորոյս ժողովուրդին մէկ մասը կը խուժէ Արեւելեան Հայաստան, մէկ մասն ալ Պարսկաստան: Այս անգամ Ատրպատականի հայութիւնն է որ գիրկ կը բանայ իր արիւնակիցներուն ու լիաբուռն կ՛օժանդակէ անոնց…: Սալմաստի շրջակայքը կը լեցուի թշուառ ու անտէր գաղթականներով: Ու կրկին, գործի վրայ կը յայտնուի Ներսէս Սրբազան, որ ձիու վրայ նստած կը շրջի գիւղէ գիւղ ու տեղական աջակից ուժերու հետ միատեղ կը բանայ բուժարան, որբանոց, դպրոցներ…:

Վասպուրականի վերջնական հայաթափումէն առաջ, 1917-ին, Ներսէս սրբազան հովուական այցելութիւն կու տայ տեղւոյն նօսրացած հայութեան ալ, կը շրջագայի վանքերը` Ս. Բարթողիմէոս, Վարագ, Աղթամար, Լիմ, Կտուց, Նարեկ եւայլն:

1918-ին Մելիք-Թանգեան արքեպիսկոպոս իր հօտը կը գտնէ նոր վտանգի մը դէմ յանդիման, երբ թրքական բանակները Ալի Իհսան փաշայի գլխաւորութեամբ անգամ մը եւս կը ներխուժեն Ատրպատական ու կը հասնին մինչեւ Թաւրիզ, իրենց ճամբուն վրայ աւերելով հայաբնակ տասնեակ աւաններ: Տեղ-տեղ հայերը (ու իրենց հետ` տեղացի ասորիները) կը կազմեն ժողովրդային զօրախումբեր ու կը դիմադրեն նախայարձակներուն, սակայն կու տան նաեւ եօթը հազարի չափ զոհ: Խոյի շրջանի վեց հայաբնակ գիւղերու բնակչութեան մեծ մասը կը բնաջնջուի…:  Աւերներէն բաժին կը ստանան Արաքսի ափին գտնուող Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքն ու անոր մօտակայ Դրաշամբ գիւղն ալ, որուն բնակիչները խոյս կու տան Արաքսի միւս ափը` փրկուելու համար ստոյգ բնաջնջումէ:

Ձեռքի տակ ունինք պատճէնը պատմական նամակի մը, զոր այս վանքին ատենի վանահայրը` Ղեւոնդ վրդ. Բարսեղեան յղած է Մելիք-Թանգեան սրբազանին, 1918 դեկտեմբեր 21-ին, վանքէն խոյս տալէ ու Երեւան ապաստանելէ ետք: Նամակը գրուած է արիւնով ու արցունքով: Խեղճ վանահայրը իր ապրած զարհուրանքը խտացուցած է այսպիսի բառերով.

– Եթէ վիթխարի Մասիսը ամբողջապէս լինի թանաքը, երկրագնդի վրայ եղած ամբողջ բուսականութիւնը լինի գրիչը, երկրագնդի տարածութիւնը երկնքի տարածութեան հետ միասին դառնայ թուղթը, ոսկէ գրիչ Եղիշէն եւ Գրիգոր Նարեկացին լինեն նկարագրող, դա՛րձեալ թանաքը, թուղթը եւ գրիչը չի բաւականանայ զետեղել այն զուլումը, որ մենք տեսանք մեր աչքերով եւ լսեցինք մեր ականջներով… (տե՛ս «Հասկ հայագիտական տարեգիրք», Անթիլիաս, 1994):

Ըստ Հայկ Աճէմեանի, «Ներսէս արքեպիսկոպոսը այդ յուսահատ օրերին, իր դիրքի եւ ազդեցութեան շնորհիւ, կարողացաւ այնպիսի մի քաղաքականութիւն վարել թէ՛ տաճիկների եւ թէ՛ պարսից կառավարութեան հետ, որ Թաւրիզի հայ գաղութը փրկուեց իսկական կոտորածից»:

Պէտք է յիշել նաեւ, որ Երեւանէն ու Հայաստանի այլ շրջաններէն հազարաւոր տարագիրներ Թաւրիզ թափեցան 1921-ին ալ, առաջին հանրապետութեան անկումէն ու Զանգեզուրի կռիւներէն ետք: Ասոնց մէջ էին Հայաստանի կառավարութեան անդամներ, պետական, կուսակցական եւ զինուորական գործիչներ, մտաւորականներ:

Առաջնորդի իր հանգամանքով` Մելիք-Թանգեան սրբազան թեւ-թիկունք եւ ուղեցոյց եղաւ բոլորին:

Չմոռնանք, որ ան բացառիկ յարգ ու պատիւ վայելեր է պարսիկ պետական շրջանակներու մօտ ալ, որոնք միշտ ակնածանքով մօտեցեր են իրեն` իբրեւ հայոց «խալիՖա»-ն:

 

[email protected]

Հալէպ

(Շար. 3)

Նախորդը

Լեզու Առնող Երանգներ…

Յաջորդը

Ակնարկ. Ինչպիսի՞ Երիտասարդական Ենք Ուզում Ունենալ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։