Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻՆ ՌՄԲԱՀԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԲՆՈՅԹԸ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ԲԱՐԴ Է: ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ՀԵՏԱՔՆՆԻՉՆԵՐ ԼԾՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՐՑԻՆ ԶԱՆԱԶԱՆ «ԹԵԼԵՐԸ» ԳՏՆԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ: ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՄԻՇՏ, ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԻՍԼԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱՐԱՐՔԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆՆԵՐ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԵՆ: ՔԵՆԹ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍ ՖՐԵՆՔ ՖԻՒՐԵՏԻ ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «ՍՓԱՅՔՏ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ՆՄԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌԸ ՈՉ ԹԷ ԺԻՀԱՏԻ ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻԿ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔՆ Է, ԱՅԼ` ԻՆՔՆԻՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՐՈՇ ՇՓՈԹՆ ՈՒ ԻՆՔՆԱՏԵԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԵՐԸ ԿԸ ՄՂԷ ԲՐՏՈՒԹԵԱՆ:
Բոլորը նոյն հարցումը կը հարցնեն. ի՞նչ է պատճառը, որ երեւութապէս սովորական երկու եղբայրներ դարձան սառնասիրտ իսլամ ահաբեկիչներ: Թամերլան եւ Ցարնայեւ, ինչպէս ամերիկեան ոճով կ՛ըսեն` «սովորական տղաք» էին ամէն ձեւով: Անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ հասակ նետած երկու երիտասարդներ էին, որոնք նախագահ Օպամայի բառերով` «կ՛ապրէին մաս կազմելով մեր հաւաւաքականութիւններուն եւ մեր երկրին»:
Այսպէս կոչուած Թայմզ հրապարակի ռմբահար Ֆայսալ Շահզատի պէս (լաւ տղայ մը եւս, որ դարձած էր ահաբեկիչ), Ցարնայեւ եղբայրները յայտնապէս բարգաւաճած էին իրենց նոր բնակավայրին` Ամերիկայի մէջ, ուր փոխադրուած էին Չեչենիայէն խոյս տալէ ետք: Այսուհանդերձ, այս երիտասարդներուն մէջ արմատացած էր խոր ատելութիւն մը ամերիկեան կենցաղին նկատմամբ. մասնաւորաբար Թամերլան չէր ծածկեր իր արհամարհանքը` զինք որդեգրած երկրին նկատմամբ: Տակաւին 2009-ին ան տեղական օրաթերթի մը հետ հարցազրոյցի մը առիթով մտահոգութիւն յայտնած էր` ամերիկացիներուն քով «արժէքներու» քայքայումին եւ շռայլութեան երեւոյթները նշելով: «Մարդիկ չեն կրնար հակակշիռի տակ պահել իրենք զիրենք,- ըսած էր ան:- Ոչ մէկ ամերիկացի բարեկամ ունիմ…չեմ հասկնար զիրենք»:
Այն օրէն, երբ յայտնաբերուեցաւ նոյնինքն Ամերիկայի մէջ ծնունդ առած եւ աճած ահաբեկչութիւնը, մարդկային վարմունքի մասնագէտներ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են երիտասարդ, առաջին սերունդի գաղթական տղամարդոց վրայ, որոնք կը տառապին այսպէս կոչուած «ինքնութեան հարցերէ»: Դժբախտաբար անհատի ինքնութեան տագնապին վրայ դրուած այս շեշտը շատ բան չ՛ըսեր մեզի, թէ ինչո՛ւ երիտասարդ տղամարդիկ կը դառնան ոչնչապաշտ մարդասպաններ: Յատկապէս անիկա չի բացատրեր, թէ ինչո՞ւ ինքնութեան տագնապ ապրող անձ մը կը սկսի ատել այն հաւաքականութիւնը, որուն մէջ կ՛ապրի:
«Ինչո՞ւ Կ՛ատեն Մեզ»
Ամերիկայի մէջ ծնունդ առած եւ աճած ահաբեկչութիւնը պատճառ դարձած է, որ փոխակերպուի «ինչո՞ւ մեզ կ՛ատեն» հարցումը: Այժմ հարց կու տանք` «ի՞նչ բան կ՛ատեն մեր մէջ» եւ` «ինչո՞ւ չեն ուզեր նմանիլ մեզի»: Ամբողջ Եւրոպայի տարածքին պաշտօնական պատասխանատուներ եւ մեկնաբաններ վրդովմունքով անդրադարձած են, թէ իսլամ երիտասարդութեան նկատառելի մէկ համեմատութիւնը կը բաժնէ իսլամական արմատական աշխարհահայեացքը: Մամլոյ տեղեկագիրներ յաճախ կը քննեն, թէ ինչպէ՛ս արեւմուտքցի սովորական պատանիի մը պէս հասակ նետած անձեր յանկարծ կը դառնան արմատական եւ` իրենց երկրին ոխերիմ թշնամին: Դիտորդներ յաճախ շփոթի եւ ահազանգի կը մատնուին ի տես այս սրընթաց հոլովոյթին, զոր կը կոչեն «արմատականացում»:
Օրինակ, նկատի ունենանք Հասիպ Հիւսէյնի կեանքը. ան մէկն էր այն երիտասարդներէն, որոնք պատասխանատու էին Լոնտոնի ռմբահարումներուն, 2005-ի յուլիս 7-ին: «Կը սիրէր քրիքեթ եւ հոքի խաղալ: Ապա օր մը դպրոց եկաւ եւ տեսանք, որ մէկ գիշերուան մէջ ամբողջութեամբ կերպարանափոխուած էր… Սկսաւ մզկիթէն բերած իր գլխարկը դնել, մօրուք աճեցնել եւ կլապիյէ հագնիլ: Նախապէս միշտ ճինզ կը հագնէր», կը պատմէ անոր մէկ ծանօթը:
Մեր դիմաց կը տեսնենք երիտասարդ մը, որ կը թուի, թէ ճիշդ մեզի կը նմանի, սակայն յանկարծ կ՛ապրի անհասկնալի կերպարանափոխութիւն մը` թշնամանալով իր դրացիներուն եւ իր երկրին: 2004-ին Մատրիտի ռմբահարումները գործած անձերուն պէս` Հիւսէյն կ՛ապրէր եւ կ՛աշխատէր այն հաւաքականութեան մէջ, որ պիտի ընտրէր իբրեւ թիրախ:
Միայն Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ չէ, որ մարդիկ յանկարծ անդրադարձած են, թէ իրենց դրացիները այն անձերը չեն, զորս ճանչցած են իրենք: Հոլանտայի, Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Շուէտի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի եւ Քանատայի մէջ եւս երիտասարդներու մէջ զարգացած է ծայրայեղ ատելութիւն` արեւմտեան կենցաղին նկատմամբ:
«Ափ ի բերան մնացինք, երբ գիտցանք, թէ ան մոլեռանդ դարձած էր», կ՛ըսէ երիտասարդ մարոքցի-հոլանտացի կնոջ մը ուսուցչուհին: Կինը` Պուշրայ Հըր, երիտասարդ մայր մը, Բրիտանիոյ մէջ ամբաստանուած է ահաբեկչութեան յանցանքով: Յայտնապէս ան «բնական հոլանտացի աղջիկ մըն էր»: Տեղեկագիրներու համաձայն, «կը թուէր, թէ իբրեւ գաղթական` յաջողած էր մերուիլ, գինետուն կ՛երթար իր բարեկամներուն հետ եւ կը հագնէր ճաշակաւոր նորոյթ հագուստներ»:
Անդին` Պելճիքայի մէջ մարդիկ ցնցուեցան, երբ Միւրիել Տըկոք` սպիտակամորթ եւ շէկ 38 տարեկան կաթոլիկ երիտասարդուհի մը, որ իսլամացած էր, 2005-ի նոյեմբերին Իրաք ճամբորդեց անձնասպանական գործողութիւն մը կատարելու համար: Իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանութիւններ տհաճ զարմանքով դիմաւորեցին այն տեղեկութիւնները, թէ 6 տղամարդիկ, որոնք ընդունած էին ահաբեկիչներու նիւթական աղբիւրներ ապահովելու իրենց յանցանքը, կը բնակէին Նիւ Եորքի հիւսիսը եւ «հասակ նետած էին ֆութպոլ դիտելով, մարզախաղեր խաղալով եւ խորովածի հաւաքոյթներու մասնակցելով»:
«Էֆ. Պի. Այ.»-ի տնօրէն Ռոպըրթ Միւլըր 2006-ին ուշադրութիւն հրաւիրեց ահաբեկիչներու վրայ, որոնք «որեւէ պատճառով իրենց երկիրը կը նկատեն իրենց թշնամին»: Միւլըրի համաձայն, երկրին մէջ ծայրայեղականներու արմատականացումը յատկանշական երեւոյթ մըն է «ահաբեկչութեան ձեւափոխութեան»: Սակայն արմատականացումի թեզին ջատագովները կը դիմագրաւեն լուրջ հարց մը. ի՞նչ բան ոչնչապաշտ մարդասպաններու կը վերածէ լաւ տղաքը:
Արմատականացումի Առասպելը
Ինչպէս Միւլըրի ակնարկութիւնները ցոյց կու տան, երկրին մէջ ծնունդ առած ահաբեկչութիւնը կը նկատուի «արմատականցումի» հարց. այսինքն երիտասարդներ կերպարանափոխութեան կ՛ենթարկուին իսլամ կրօնաւորի մը կամ գաղափարաբանութիւն մը տարածող անձի մը կողմէ: Հետեւաբար, երբ բացայայտուեցան Պոսթընի ռմբահարումներուն հեղինակները, քանի մը օր ետք տեղական մզկիթի մը դէմ ուղղուեցաւ Թամերլան Ցարնայեւը արմատականացնելու ամբաստանութիւնը: Ուրիշներ փնտռեցին արմատականացումի այլ աղբիւրներ, ինչպէս` ժիհատի դասընթացքներ ԵուԹիուպի վրայ կամ ծայրայեղ իսլամութեան կայքէջեր: Արմատականացումի տեսութիւնը հիմնուած է այն ենթադրութեան վրայ, թէ ժիհատի հմայքը կը քաղաքականացնէ այլապէս չբաւականացած անձերը եւ զանոնք կը վերածէ կատաղի կռուողներու:
Այսուհանդերձ, յստակ չէ, թէ ճիշդ ի՛նչ է ժիհատի գրաւչութիւնը: Այն երիտասարդները, որոնք կը ներգրաւուին դէպի ժիհատի կայքէջեր, հազուադէպօրէն կ՛որդեգրեն նոր աշխարհահայեացք մը: Իրօք, անոնց հայեցակէտը յար եւ նման է բազմաթիւ ոչ իսլամ արեւմուտքցիներու, որոնք կ՛այցելեն ոչնչապաշտութիւն քարոզող կայքէջեր եւ կը հրապարուին կործանարար նիւթերով ու պատկերներով: Անոնք, որոնք կ՛այցելեն ժիհատի կայքէջեր, ժողովրդականութիւն վայելող ուղղութեան մը կը հետեւին եւ ոչ թէ` գաղափարաբանական տրամաբանական աշխարհահայեացքի մը: Այս առումով` կ՛արժէ նշել, թէ Եւրոպայի տարածքին ահաբեկչական արարքներու ամբաստանութեամբ ձերբակալուած կարգ մը արմատականներ մոլեռանդ կրօնասէրներ չեն, ոչ ալ` քաղաքական իտէալապաշտներ: Համացանցի վրայ շուէտական կայք մը` «Տը մուժահետին նեթուըրք», ի յայտ բերած է, թէ իր անդամները «գրեթէ բան չեն գիտեր իսլամութեան մասին», եւ թէ` «ժիհատով համակուած են իրենց ըմբոստ նկարագիրին պատճառով, քան թէ` գաղափարաբանական խոր համոզումի»: Այլ խօսքով, կը թուի, թէ նման անձերու մղիչ ուժը մարդկային ընկերութենէն անոնց օտարումն է, եւ ոչ թէ` կենդանի եւ աշխուժ այլընտրանքով մը նեգրաւուիլը:
Թերեւս Թամերլան եւ Ճոքար Ցարնայեւ կ՛ատէին ամերիկեան կեանքի ձեւը, սակայն անոնք միաժամանակ կը սնանէին անոր մշակութային աղբիւրներով: Վստահաբար անոնք դէմ չէին ամերիկեան մշակոյթի որոշ երեւոյթներուն, ինչպէս` շռայլ ցուցականութեան եւ ինքնասիրութեան: Անոնք կը սիրէին դրամը եւ կը ձգտէին յաջողութեան: Ճոքարի վարմունքին մէջ կայ յատկանշական կէտ մը. բազմութեան մէջ ամենայն պաղարիւնութեամբ ռումբ մը պայթեցնելէ ետք ան կը մասնակցի խրախճանքի մը` քիչ մը հանդարտելու համար: Ան իր Դիմատետրի էջին մէջ կը յայտարարէ, թէ իր աշխարհահայեացքը «իսլամական» է, իսկ կեանքի մէջ իր նպատակներն են «ապսարէզը եւ դրամը»: Յայտնապէս ան հակասութիւն մը չէ նկատած նիւթեղէն ունեցուածքի իր մակերեսային ցանկութեան եւ իսլամական կենսաձեւը որդեգրելու միջեւ:
Ցարնայեւ եղբայրներուն կործանարար վարմունքին մէջ ամէնէն աւելի կը խռովեցնէ անոր ապաքաղաքականացած բնոյթը: Կը թուի, թէ անոնց արարքին դրդապատճառը ոչ այնքան «արմատականութեան հմայքն է», այլ` իմաստազրկումը 21-րդ դարու արեւմտեան ընկերութեան մէջ: Այսօր քաղաքական երբեմնի գաղափարներ այլեւս կարողութիւնը չունին փորձառութիւնը իմաստով օժտելու: Արեւմուտքը նաեւ խորապէս անհանգիստ է իր սեփական աւանդութիւններով: Իբրեւ արդիւնք` Արեւմուտքի մտաւորական, գիտական եւ բարոյական ժառանգութիւնը հազուադէպօրէն դրական իմաստ մը կ՛ընձեռէ երիտասարդներուն կամ ոեւէ մէկուն:
Իրօք, գոյութիւն ունին մշակութային ամեհի ուժեր, որոնք կ՛աղճատեն Արեւմուտքի պատմական իրագործումները, ինչպէս նաեւ` յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան անոր աւանդական հաւատքը: Կարգ մը մեկնաբաններ կը վիճին, թէ Արեւմուտքը բարոյական տագնապ մը կը դիմագրաւէ` կորսնցնելով հաւատքը ինքն իր նկատմամբ: Նման պայմաններու մէջ արդեօք զարմանալի՞ է, որ բազմաթիւ երիտասարդներ իրենք զիրենք խորապէս օտարացած զգան կեանքի արեւմտեան ձեւէն: Բարեբախտաբար քիչեր կը դիմեն կործանարար արարքներու, ինչպէս` Պոսթընի ռմբահարները: Սակայն բուն հարցը պէտք չէ փնտռել ազդեցութեան ենթակայ երիտասարդներուն ուղեղին մէջ, այլ` երիտասարդները դրական եւ ապագայապաշտ գաղափարներով ներշնչելու ձախողութեան:
Ժիհատի խորհրդապաշտ գաղափարաբանութիւնները չեն, որ կը կախարդեն երիտասարդները, այլ անոնք կը հեռանան մարդկային ընկերութենէ մը, որ չի յաջողիր առաջնորդել, ներշնչել կամ խթանել զիրենք: Անշուշտ միշտ ալ պիտի գտնուին մատի վրայ հաշուըւող շփոթահար եւ խանգարուած անձեր, որոնք պիտի դիմեն աւերիչ եւ բիրտ արարքներու: Սակայն, այնքան ատեն որ այն հաւաքականութիւնը, որուն մաս կը կազմեն անոնք, հաւատք ունի ինքն իր նկատմամբ, ապա անոնց պատճառած աւերը կարելի է պահել հակակշիռի տակ: Սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներէն ետք աշխարհի մէջ մեր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ազատ ընկերութեան մը գաղափարին կիրարկումը ամէնէն ազդու պատասխանն է ահաբեկչութեան սպառնալիքին:


