Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Մաքարոնը:
Դեսպան Ժան Մաքարոն վստահեցուց, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին ջանք պիտի չխնայէ երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ բարեկամութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու գործին մէջ:


