Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ իրաւաբանութեան կաճառի հաստատման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:
Նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն յանձնառու մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան»` ընդգծելով, որ ազատ, գերիշխան եւ բանակ ունեցող Լիբանանն է միակ երաշխիքը լիբանանցիներուն գոյատեւման:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը ոչ միայն կը վնասէ Լիբանանին, այլեւ` պաղեստինեան միասնականութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց Լիբանանի ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական վարչակարգը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` մաղթելով, որ կարելի կ՛ըլլայ մշակել ընտրական օրէնք մը, որ առիթ կու տայ 21 տարեկանը ամբողջացուցած լիբանանցի երիտասարդին իր թեկնածութիւնը առաջադրելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Արաբական լիկան եւ ՄԱԿ-ը պէտք է Լիբանանը պահպանեն սուրիական տագնապին հետեւանքներէն:
Իր խօսքը ուղղելով ուսանողներուն` նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի ապագան անոնցմէ կախեալ է. ան կոչ ուղղեց ուսանողներուն կառչած մնալու լիբանանեան հողին, որ լիբանանցիներուն պայքարին խորհրդանիշն է: «Մի՛ տկարանաք արտագաղթին դիմաց եւ մի՛ վախնաք երկխօսութենէն, որ հզօրներուն զէնքն է», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի լիբանանեան դիմագիծը անփոփոխ մնայ:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն եւ դատաւորներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուելիք վճիռներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատերը, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Օմար Պարազանժին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:


