
Վարչապետ Թամմամ Սալամ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որ Սալամի հետ քննարկեց դրամատնային մարզին վերաբերող հարցերը:
Թարապէյ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ պէտք է կազմէ կառավարութիւն մը, որ հսկէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան աւելցուց, որ դրամատնային մարզը իր կատարեալ վստահութիւնը կը շնորհէ նոր նշանակուած վարչապետին:
Սալամի այցելեց նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա:
Քննարկուեցաւ երկրին ապահովական կացութիւնը:


