«Առաւօտ» կայքէջը ընդդիմադիր դաշտի ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցին ընթացքին հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն համար չձեւաւորուեցաւ միասնական առանցք եւ արդեօք չհամախմբուելու պատճառը ա՞յն էր, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պահանջեց իր առանցքին շուրջ համախմբել ընդդիմութիւնը, թէ՞ պատճառը այլ ուղղութեամբ պէտք է փնտռել:
ՀՅԴ Հայաստանի ԳԵրագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան խնդիրին վերաբերեալ յայտնեց, որ համախմբման պայմաններէն մէկը այն է, որ քաղաքական ուժերը փորձեն իրենց յաւակնութիւնները զսպել եւ ճիշդ փոխզիջման լուծումներու դիմել: «Մենք բանակցութիւններու ժամանակ որեւէ անառողջ յաւակնութիւն չենք ցուցաբերած: Իսկ թէ ինչու մինչեւ հիմա չունինք միասնական ճակատ` գնահատականները ձեզի կը ձգեմ»:
Համբարձումեան արձանագրեց այն փաստը, որ այսօրուան իրավիճակով ընդհանուր յայտարար ձեւաւորուած չէ, միւս կողմէ ալ կարծիք յայտնեց, որ կարելի չէ վերջնականապէս ըսել, թէ բանակցութիւնները ձախողած են: «Կը կարծեմ, որ տակաւին փոքր կարելիութիւն կը պահանջուի համախմբման: Քանի տակաւին բանակցութիւնները աւարտած չեն յայտարարուած, փակագիծեր կան, զորս չէի ցանկար բանալ, քանի որ անոնք կրնան վնասել բանակցութիւններու հետագայ կարելիութիւններու ընթացքին: Երբ վերջնական յայտարարի գանք, այդ ժամանակ աւելի բաց կ՛ըսենք այն մասին, թէ ինչո՛ւ չյաջողեցաւ»:


