Նախորդ շաբաթավերջին իր ձմեռնային արձակուրդը աւարտեց Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան բարձրագոյն դասակարգի 33-րդ հանգրուանի մրցումները:
Եթէ Ուլիս, Միքա եւ Գանձասար յաղթեցին իրենց դաշտերուն վրայ, միւս կողմէ Փիւնիկ իր յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտէն դուրս, երբ Իջեւանի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիրակը` շնորհիւ Արթուր Եուզպաշեանի նշանակած կոլին (87-րդ):
Նոյն արդիւնքով Ուլիս յաղթեց Արարատի` շնորհիւ Արսէն Բալաբեկեանի նշանակած կոլին (7-րդ):
Սեմիոն Մուրատեանի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ (66-րդ եւ 81-րդ), Միքա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Բանանցի:
Վերջապէս, չորրորդ եւ վերջին ճակատումին, Կապանի մէջ Գանձասար 2-1 արդիւնքով յաղթեց Իմփուլսի: Նարեկ Բեգլարեան (50-րդ) եւ Ուիլիըմ Փոթաքեր (52-րդ) նշանակեցին Գանձասարի կոլերը, իսկ Արթուր Բարսեղեան նշանակեց Իմփուլսի կոլը (69-րդ):


