
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ հինգշաթբի օր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդարանի սենեակին մէջ տեղի ունեցած է հաւաք մը` նուիրուած Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումներուն եւ այդ յարձակումներու յանցագործին: «Մարմարա» կը գրէ, որ այդ յարձակումներուն պատասխանատու նկատուած Մուրատ Նազարեան անունով անձ մը ձերբակալուած է, «այս կերպով յայտնի դարձած էր, որ յիշեալ յարձակումներուն ետին ազգային ատելութեան հարց չկար, այնպէս ինչպէս կարծուած կամ պնդուած էր առաջին օրերուն»:
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուած են Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյն Աւնի Մութլու, Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Հիւսէյն Չեփքի, Ֆաթիհ գաւառակի ապահովութեան տնօրէն Իրֆան Պեքարօղուլլար, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան, Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ միւս թաղականները, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեանի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, ՎԱՏԻՓ-ի անդամներ, բազմաթիւ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետներ եւ շուրջ 30 թաղեցիներ, որոնց շարքին յարձակումի թիրախ դարձած Թուրֆանտ Աշըք եւ Սուլթան Այքար, ողբացեալ Մարիձա Քիւչիւքի որդին եւ հարսը` Եաշար ու Սաթենիկ Քիւչիւք: Պատրիարքարանի այս հաւաքոյթին հրաւիրուած եղած է նաեւ քաղաքին հայ մամուլը:
Նախ խօսք առած է Արամ սրբազանը, որ շնորհակալութիւն յայտնած է կառավարութեան եւ միւս պատասխանատուներուն, որոնք այսքան կարճ ժամանակի մէջ յայտնաբերած են յարձակումներուն հեղինակը: «Որքան որ մենք ալ չէինք հաւատար որ այս յարձակումները մեր համայնքին դէմ ազգային յարձակումի բնոյթ ունէին, բայց եւ այնպէս կասկած մըն ալ ունէինք այդ մասին: Ձեր բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ հիմա հանգստացանք, համայնքին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն», Պոլսոյ կուսակալին ըսած է Արամ սրբազան:
Ապա խօսք առած է Պոլսոյ կուսակալը, որ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքի ապահովութեան տնօրէն Հիւսէյն Չեփքինի` յայտնաբերելուն համար «այս կարեւոր հարցին հեղինակը, որ իրականութեան մէջ սովորական չարագործութեան մը հեղինակն է»:
Ան դիտել տուած է, որ «Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր հայ հայրենակիցները հանգիստ ու ապահով պէտք է ըլլան, բնաւ կասկած չունենան, որ այս երկիրը իրենցն է, այս թաղամասը իրենցն է, մեր բոլոր ուժերով մենք հոս ենք առանց խտիր դնելու հայրենակիցներուն միջեւ եւ պատրաստ ենք ձեզի ծառայութիւն մատուցելու (…) Ինչպէս որ դարեր ամբողջ միասին ապրեցանք, ասկէ ետք ալ այդպէս պիտի ընենք, պատմական դէպքերը պատմութեան մէջ պիտի մնան, պատմաբանները թող հետաքրքրուին անոնցմով, մենք պիտի նայինք, թէ միասնաբար ինչպէ՛ս կրնանք երջանիկ ու անդորր կեանք վայելել»:
«Մարմարա» կ՛աւելցնէ, որ «Հիւրրիյեթ» օրաթերթը ուրբաթ օր հաղորդած է, որ թաղեցի խանութպանները կը պնդեն, որ Մուրատ Նազարեան անձայն «ղարիպան» տղայ մըն էր, մէկը, որմէ կարելի չէ սպասել նմանօրինակ վայրագ յարձակումներ: Նազարեան եւս ըսած է, որ եթէ սպաննած ըլլար, «սպաննեցի» կ՛ըսէր: «Հիւրրիյեթ» հարց կու տայ, թէ Մուրատ Նազարեան իսկապէս հրէ՞շ մըն է, թէ՞ ոչ խեղճ ու հիւանդ ղարիպան մը:
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, որ Նազարեան դաժան մանկութիւն եւ դժբախտ կեանք ունեցած է: Ան նշած է, որ յարձակումներուն մասին ոչինչ կը յիշէ, սակայն Մարիձա Քիւչիւքի տան մէջ յայտնաբերուած հետքերն ու Նազարեանի արեան փորձաքննութեան արդիւնքները համընկնած են: Ականատեսները եւս զինք ճանչցած են:
«Ակօս» կը նշէ, որ ան ընտանիքին կողմէ յաճախ բռնութեան ենթարկուած է, աւելի ուշ յայտնուած է բանտին մէջ` ինքնաշարժ գողնալուն համար: Հարազատները պատմած են, որ ոչ մէկ գործ երկար ժամանակ ընել կրցած է: Իրեն օգնել փորձող բարեկամներն ալ անոր արարքներէն յոգնած` շուտով երես դարձուցած են, իսկ ձերբակալութենէն կարճ ժամանակ առաջ ընկերներուն ըսած է` «մեղքս մեծ է»: Շաբաթաթերթը կ՛աւելցնէ, որ տեղի ունեցածը զարմացուցած է նաեւ անոր ծանօթներն ու ազգականները:


