Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղողի Կուտի Եւ Գողտկուրի (Borage) Օգուտները. Խաղողի Կուտը

February 21, 2013
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Նոր ուսումնասիրութիւնները կը նշեն, թէ խաղողը իր կուտով սպառելը օգտակար է առողջապահական կարգ մը հարցերու բուժման համար, որոնց ենթակայ են շատեր, մասնաւորաբար` քոլեսթերոլի քանակի բարձրացման եւ սրտանօթային հարցերու: Գիտնականները եւ բժիշկները իրենց ուսումնասիրութիւնները կատարեցին աղալով խաղողի կուտերը եւ զայն իբրեւ բուժիչ դեղ տալով հիւանդներուն: Այս ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը մեծապէս ազդեցիկ էր:

Հին դարերէն ի վեր խաղողի կուտի տեսակները կ՛օգտագործուին իբրեւ բուժիչ դեղ զանազան առողջապահական հարցերու` աչքի, երիկամներու եւ լեարդի բորբոքումներու, քոլեսթերոլի քանակի բարձրացման եւ այլն: Քսաներորդ դարու սկիզբէն խաղողը հանրածանօթ դարձաւ իր բուժիչ դերով` զանազան առողջապահական հարցերու, մասնաւորաբար քաղցկեղի կանխարգիլման մէջ:

Խաղողի կուտը կը պարունակէ բարձր քանակութեամբ հականեխիչ տարրեր, որոնք կ՛օգնեն պայքարելու զանազան հիւանդութիւններու դէմ, մասնաւորաբար` սրտանօթային հիւանդութիւններու: Անիկա կ՛արգիլէ սրտի երակներու կարծրացումը եւ խցումը: Խաղողի կուտը կը պաշտպանէ բջիջները հականեխումէ եւ վնասուածքէ:

Ի՞նչ ցոյց կու տան նոր ուսումնասիրութիւնները:

Ուսումնասիրութիւն մը կատարուեցաւ երկու խումբի մարդոց վրայ,  որոնք բոլորն ալ կը տառապէին առողջապահական հարցերէ, օրինակ` քոլեսթերոլի բարձրացում, արեան գերճնշում, գիրութիւն եւ այլն: Առաջին խումբին, չորս շաբաթներու ընթացքին տրուեցաւ 150-300 միլլիկրամ քանակութեամբ խաղողի կուտերէ պատրաստուած ուտելիք: Երկրորդ խումբին ոչինչ տրուեցաւ: Չորս շաբաթ վերջ ի յայտ եկաւ, որ առաջին խումբին պատկանող անհատներու արեան քոլեսթերոլի քանակը նուազած է, որ իր կարգին կը կանխարգիլէ նաեւ սրտանօթային հարցերը:

Խաղողը օգտակար է առողջութեան եւ կը պարունակէ զանազան տեսակի սննդական տարրեր, ինչպէս կենսանիւթեր` Սէ. եւ Պէ.-քոմփլեքս, նաեւ հանքային աղեր ինչպէս` քալսիոմ, պղինձ, եոտ, երկաթ, ֆոսֆոր եւ փոթասիոմ:

Գիտակցելով խաղողի ու անոր կուտի օգտակարութիւններուն, պէտք է զայն լման սպառել, որպէսզի առաւելապէս օգտուիք անոր բարիքներէն:

Գողտկուրը (Borage)

Գողտկուրը կապոյտ-մանիշակագոյն ծաղիկներ պարունակող բոյս մըն է: Այս բոյսը հանրածանօթ դարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ: Անոր սերմանումը տարածուեցաւ Եւրոպայի մէջ հռոմէացիներու միջոցով: Գողտկուրի տերեւները կը պարունակեն մածնիտի տեսակ մը, որ կ՛օգտագործուի մարսողութեան, յատկապէս պնդութեան բուժման մէջ: Անիկա նաեւ շնչառական գործարաններու հարցերու` հազի ու բորբոքումի բուժման համար օգտակար է: Ան կը պաշտպանէ լեարդին առողջութիւնը, կ՛օգնէ արեան հականեխման եւ կը բուժէ մաշկային կարգ մը հարցեր: Բժիշկներէն ոմանք այս բոյսը կ՛օգտագործեն բուժելու ջղային դրութեան հետ առնչուած կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս նաեւ ջերմաստիճանի բարձրացոմը: Գողտկուրը, ինչպէս տեսանք,  առողջապահական զանազան օգուտներ ունի: Կարելի է զայն օգտագործել զանազան ձեւերով: Կարելի է անոր տերեւներն ու ծաղիկները աւելցնել աղցանի մէջ, մասնաւորաբար` դափնիի աղցանի մէջ: Գողտկուրը կարելի է եփել նաեւ գողտկուրը սպանախին հետ, մօտ 2-3 վայրկեան եւ հրամցնել հաւու կամ միսի կողքին: Կարելի է մանրել զայն եւ աւելցնել տաք կամ պաղ թացաններու վրայ: Կարելի է նաեւ զայն սպառել իբրեւ տաք հեղուկ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1963)

Յաջորդը

Բարեկենդանի Խանդավառութիւն Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճին Մէջ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.